Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Փաշինեանն Ու Ալիեւը Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման»

December 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կ՛արձանագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնականացման պատրաստակամութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնեն ռուսական զանգուածային լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի յայտարարութիւնը:

«Անոնք կ՛արձանագրեն խաղաղ բանակցութիւններու աւարտի, միասնական փաստաթուղթի, խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման դուրս գալու լիակատար պատրաստակամութիւն», ըսած Է Փեսքով Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀ ոչ պաշտօնական վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ Առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Ան նաեւ արձագանգած է այն հարցումին, թէ վտանգաւոր չէ՞ արդեօք հակամարտող կողմերը մէկ տեղ հաւաքելը: «Այստեղ ոչ մէկ վտանգ կայ», ըսած Է Փեսքովը:

Յայտնենք, որ 25 դեկտեմբերին վարչապետ Փաշինեան Փեթերսպուրկ մեկնեցաւ մասնակցելու համար Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, որուն ընթացքին Հայաստան ստանձնեց միութեան նախագահութիւնը, իսկ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովը` մասնակցութեամբ Փաշինեանի եւ Ալիեւի, որոնք ոչ պաշտօնական շփումներու ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան օրակարգը:

Նախորդը

Քոլոմինա. «Հայաստանը Յստակ Որոշում Տուած Է Փոխելու Իր Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Ինքզինքը Մոսկուայէն Հեռու Պահելու»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.