ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, կաթողիկէ Ս. Ծնունդին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Հակառակ անոր որ ցաւն ու տխրութիւնը շատ աւելի են ուրախութենէն` նկատի ունենալով երկրին եւ շրջանին դիմագրաւած տագնապները, բայց եւ այնպէս Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը առիթ մըն է վերանորոգելու յոյսը բոլորին համար` տագնապներու մօտալուտ լուծման առումով»:


