Ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ի գիշերը Պէյրութի գետը յորդեցաւ` պատճառելով ողողումներ եւ նիւթական վնասներ Քարանթինայի շրջանին մէջ կանգ առած եւ գտնուող ինքնաշարժներուն, ինչպէս նաեւ գետին շրջակայքը գտնուող շրջաններուն մէջ:
Տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով Պէյրութի գետի ջուրին համեմատութիւնը բարձրացած էր եւ ողողած շրջակայ փողոցները, որոնցմէ հիմնականին մէջ ազդուեցաւ Քարանթինան:
Նոյն գիշերն իսկ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փութացին ողողումին վայրը, ուր անոնք օժանդակեցին քաղաքացիներուն դուրս գալու ճամբաները ողողած ցեխոտ ջուրերուն մէջէն:
Աւելի ուշ, անոնք օժանդակեցին քաղաքացիներուն նաեւ դուրս բերելու անոնց ինքնաշարժները:
Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ նոյն գիշերն իսկ այցելեց շրջանը, ուր հաստատեց, որ այդ ողողումներուն պատասխանատու են Պէյրութի քաղաքապետութիւնն ու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը:
Ան շեշտեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան պարտականութիւնը մայրուղիներն են եւ ոչ ներքին թաղերը:
Համիէ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութենէն պահանջեց նաեւ թելադրել քաղաքապետարաններուն, որպէսզի մաքրեն իրենց կոյուղիները:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Համիէ ընդգծեց, որ տեղատարափ անձրեւները նախատեսուած էին, սակայն այն, ինչ որ պատահեցաւ Պէյրութի գետին պարագային, անակնկալ էր` վերահաստատելով, որ տուեալ քաղաքապետարանները պէտք չէ քնանան, այլ` պէտք է արթուն հսկեն այդ շրջաններուն ապահովութեան:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակտար Նեժիպ Միքաթի օր մը ետք` շաբաթ յետմիջօրէին, ընկերակցութեամբ` Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտի, այցելեց Քարանթինա, ուր ստուգեց ողողուած շրջանները եւ ողջունեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը` բարձր գնահատելով քաղաքացիներուն տրամադրուած փրկարար աշխատանքը:
Միքաթի հաստատեց, որ այս իմաստով վարչական եւ դատական հետապնդում պիտի կատարուի` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները եւ հաշուետուութեան կանչելու բացթողումներ արձանագրողները:






