Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Արձանագրուեցան Երեք Զոհեր. Բախումները Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

December 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները բուռն թափով կը շարունակուին:

Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Համամես, Խիամ, Նաքուրա, Տհայրա, Թէյր Հարֆա, Ժըպպայն, Եարին, Ռաշայա Ֆըխխար, Հըլթա, Ռամիա եւ Մըրուահին շրջանները:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու, որոնց շարքին նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ:

Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան կործանիչներ ռմբակոծեցին Սուրի մօտակայ Քլայլէ շրջանը, Եարունը, Ռըմէյշը եւ Պընթ Ժպէյլը:

Պընթ Ժպէյլի մէջ իսրայէլեան կործանիչներուն ռմբակոծումը պատճառեց երեք զոհ Պեզզի ընտանիքէն, ինչպէս նաեւ վիրաւոր մը: Զոհերն են լիբանանցի քաղաքացիներ Ալի Պեզզի, անոր եղբայրը` Իպրահիմ Պեզզի եւ վերջինիս կինը` Շուրուք Համմուտ:

Նշենք, որ Իպրահիմ Պեզզի օրեր առաջ Աւստրալիայէն հասած էր Լիբանան, որպէսզի իր կնոջ` Շուրուք Համմուտի ընկերակցութեամբ վերադառնար Աւստրալիա` մնայուն բնակութիւն հաստատելու համար:

26 դեկտեմբերի երեկոյեան Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրի մօտակայքը գտնուող իսրայէլեան նորոգուած զինուորական դիրքը:

Դիմադրութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց  իսրայէլեան ծովային դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:

Հըզպալլա համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուց Արեւմտեան Գալիլիոյ Ատմիթ բնակեցման վայրը` պատճառելով մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցած է զինուորներու համախմբում մը Մազարեհ Շեպաայի իսրայէլեան դիրքին վրայ` պատճառելով վիրաւորներ:

Ժամը 1:00-ին Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Խըրպեթ Մայեր դիրքը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Քառորդ ժամ ետք իսրայէլեան Շումերա դիրքը ռմբակոծուեցաւ Դիմադրութեան մարտիկներուն կողմէ: Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Հատի Հասան Աուալա, Ահմետ Հասան Տիրանի եւ Ալի Ահմետ Պեզզի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Պնաշհիի Մէջ. Ֆրենժիէ Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը

Յաջորդը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Ոչ Պաշտօնական Հանդիպումներ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.