Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններ Եւ Մատենաշարի Մեկնարկ

December 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանեան-արցախեան, միջինարեւելեան թէ լիբանանեան կացութիւնները չքաջալերեցին, որ «Ազդակ» վերադառնայ առկայ լսարաններու իր շարքին: Այս երեք ուղղութիւններուն վրայ ստեղծուած կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նոյնիսկ առցանց լսարաններու շարքը որոշ ժամանակի համար ընդհատուի: Յատկապէս Արցախի կորուստով պայմանաւորուած առցանց լսարանները դադար առին: Անոնք նոր վերսկսան ազդարարելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն «Ազդակ» պիտի մղէ իր շուրջ համախմբուած փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները, որ դասախօսութիւններով արծարծեն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան նոր ուղիները: Բազմաոլորտ են առաջադրանքները` դիւանագիտականէն տեղեկատուական, իրաւականէն քաղաքական, անցնելով հոգեւորէն ու մշակութայինէն եւ կրթականէն:

Արցախը առանցքային օրակարգ պահելով, առցանց լսարաններու նիւթերուն պիտի ներառուին նաեւ արուեստի, մշակոյթի, երաժշտութեան, թատրոնի  եւ կրթութեան վերաբերող քննարկումներ` միշտ գերակայ պահելով համահայկականութիւնը եւ հայկական աշխարհի քարտէսին վրայ սփիւռքի տեղն ու մանաւանդ դերը:

Լսարաններու շարքը ամբողջ կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ: Առցանց մասնակցողներու թիւը սահմանափակ է, բայց հետագային դիտումներու թիւը կամ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ իւրաքանչիւր դասախօսութեան տեղադրումն ու ելեկտրոնային տարածքներով տարածումը կը համոզէ, որ լսարանական համայնքի թիւը աճ կ՛արձանագրէ:

Այդ լսարաններու ընթացքին ներկայացուած դասախօսութենէն, յայտնուած տեսակէտներէն եւ իրականացուած քննարկումներէն սակայն չի բխիր յօդուածագրութիւնը: Յօդուածագրութիւնը անշուշտ պէտք չէ ըլլայ պատուէրային: Ինքնաբուխ կամ անպայման տեսակէտը, ըսելիքը հանրայնացնելու մղումը պիտի մղէ մասնակիցը, որ հրապարակագրութեամբ տարածէ իր մտածումները: Արձանագրենք, որ լսարանի երեւոյթին մասին եղան գնահատական գրութիւններ: Պէտք է աշխատինք, որ հոն յայտնուած տեսակէտներ խմբագրուած տեսքով հարստացնեն թերթին էջերը:

Նախկին թափը չպահեց նաեւ «Ազդակ»-ի կողմէ կազմակերպուած` լոյս տեսնող հատորներու շնորհահանդէսներու կազմակերպումը: Եղան անշուշտ շնորհահանդէսներ, որոնք համախմբեցին գրասէր հասարակութիւնը: Անոնց ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ «Ազդակ» կը հաստատէ «Սիրուհի Պուտագեան» մատենաշարը: Կ՛աշխատինք, որ մատենաշարի առաջին թիւը լոյս տեսնէ մինչեւ տարեվերջ: Պիտի հետեւին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքերու բովանդակութիւնը ամփոփող հատորներ:

«Ազդակ» նորովի պիտի շարունակէ հին աւանդութիւնը, որ  յատկապէս թարգմանական գրականութեան տարածման առաքելութիւնը ճշդած էր գրեթէ իր հիմնադրութեան օրերէն: Շնորհակալ նախաձեռնութիւններով անոնք, որոնք «Ազդակ»-ի մատենաշարներու թիւերը կամ թերթօններու կազմուած տարբերակները ունէին, նուիրեցին «Ազդակ»-ի գրադարանին: «Ազդակ» յայտարարութեամբ իր ընթերցողներէն խնդրեց համալրել հարուստ այդ շարքը: Առաջադրանք է  հաւաքել այդ շարքի ամբողջութիւնը:

Սակայն հինը հաւաքելու եւ վերատեսքաւորելու առընթեր պիտի շարունակուի նորը: Այլ խօսքով` հինի ամբողջացումը, թուայնացումն ու այդպիսով հանրութեան մատչելի դարձնելը պիտի զուգակցուի նոր հրատարակութիւններով, տպագիր եւ ելեկտրոնային ձեւաչափերով:

Իւրաքանչիւր նոր հրատարակութիւն պիտի արժանանայ շնորհահանդէսի, հատորի բովանդակութեան ներկայացման, յօդուածագիր-հեղինակին նկատմամբ կատարուելիք գնահատականին: Մէկ խօսքով` գիրքի տարածումին:

Կ՛անդրադառնանք, որ ակնկալուած չափով չենք իրազեկած ընթերցող շրջանակները այս առաջադրանքին շուրջ եւ այդպիսով քաջալերած աշխատակիցները, որ հետեւողականօրէն աշխատակցին: Այս բացթողումը պիտի փորձենք լրացնել անպայման:

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Մենք Կը Հաւատանք, Որ Կովկասի Մէջ Խաղաղութիւնը Կարելի Է Շրջանի Բուն Ժողովուրդներու Եւ Դրացիներու Մասնակցութեան Շնորհիւ»

Յաջորդը

Կաղանդի Սովորութիւններ. Կաղանդի Նուէրները

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.