Պլինքըն. «Կազան Չի Կրնար Համասի Վերահսկողութեան Տակ Մնալ, Եւ Տագնապէն Ետք Կրնայ Փոխանցման Փուլի Կարիք Ըլլալ»
«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Թոքիոյի մէջ գումարեցին ժողով մը` Կազայի մէջ պատերազմին նկատմամբ միացեալ կեցուածք ձեւաւորելու համար: Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Եոքօ Քամիքաուա յայտարարեց, որ «Եօթներու խմբակ»-ի անդամները համաձայնած են, որ երկու պետութիւններու լուծումը արդար ու յարատեւ խաղաղութեան միակ ուղին է` նշելով, որ անոնք նաեւ համաձայնած են աջակցելու ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութիւնը դիւրացնելու...




















