Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կը Շարժին Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Շուրջ Աշխատանքները Աւարտելու Ուղղութեամբ»

December 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու քաղաքական կամք կը տեսնէ եւ կ՛աջակցի այդ քայլին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Գլխաւորը այն է, որ մենք կը տեսնենք քաղաքական կամքի գոյութիւն երկու կողմէն` թէ՛ Պաքուէն, թէ՛ Երեւանէն: Ի հարկէ, մենք կը սատարենք ատոր եւ կը կարծենք, որ նման համաձայնագիրի կնքումը օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ երկու երկիրներուն, թէ՛ ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան համար», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:

Փեսքով նշած է, թէ ռուսական կողմը կը հաստատէ, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը «կը շարժին խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքները աւարտելու ուղղութեամբ»:

«Մենք յոյսով ենք, որ ատիկա որքան կարելի է շուտ տեղի կ՛ունենայ, ի հարկէ, առանց ի վնաս որակի: Ուստի մենք բոլորին հետ միասին կը սպասենք այս աշխատանքներու աւարտին», ըսած է ան:

«Տեղեկութիւն չունինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ բանակցութիւններ վարած են: Անոնք երէկ բանակցութիւններ չեն վարած, սակայն, իրադարձութիւնները, ինչպիսին է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀ-ի ոչ պաշտօնական վեհաժողովը, լաւ կարելիութիւն են ոտքի վրայ կարճ հաղորդակցութիւններու համար», ընդգծեց ան:

Փեսքով նախքան այդ յայտարարած էր. «Ռուսիան պատրաստ է Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու օգնելու»:

«Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեն: Ատիկա Կովկասի մէջ կանխատեսելիութեան մթնոլորտ պիտի բերէ», նշած էր ան:

 

Նախորդը

Լաւրովի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Կ՛ողջունենք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ձեռքբերման Բանակցութիւններու Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Յաջորդը

Անթիլիասի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Թաղման Կարգը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.