ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի դեսպանատան դիւանագիտական կազմի փոխնախագահ դոկտ. Հանի Ապտըլրահման Խըտըրը:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին, եգիպտացի դիւանագէտը մօտէն ծանօթացաւ Լիբանանի հայութեան դերակատարութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական սկզբունքներուն ինչպէս նաեւ ներկայ տագնապէն դուրս գալու առաջադրանքներուն:
Քննարկումի նիւթ դարձան Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, շրջապատի պետութեանց դիրքորոշումները, շրջանային միջպետական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ներկայ իրադրութիւնը:
Կարեւորութեամբ քննարկուեցան նաեւ Եգիպտոս-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ Արցախի գրաւումն ու արցախահայութեան տեղահանութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ արաբական եւ միջազգային լռութիւնն ու անտարբերութիւնը:


