Ռուսիան եւ Հայաստանը կը քննարկեն ռազմական արհեստագիտական համագործակցութեան ոլորտին մէջ նոր համաձայնագիրներ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«Որոշ անհատական համաձայնագիրներու մէջ իսկապէս կան հարցեր` կապուած ռուսական ձեռնարկութիւններու պարտաւորութիւններու` կատարել պաշտպանութեան պետական պատուէրը, սակայն անոնք աշխատանքային հարցեր են, որոնք կը լուծուին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ երկխօսութեամբ», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:
Քոփիրքինի համաձայն, ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած գրեթէ բոլոր համաձայնագիրները աւարտած են ժամանակին եւ բարձր որակով:
Դեսպանը ընդգծած է, որ երկու երկիրներու ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը երկար աւանդութիւն ունի եւ հիմնուած է 25 յունիս 2013-ին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան զարգացման մասին համաձայնագիրին վրայ:
Խօսելով Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հաւանականութեան մասին` դեսպան Քոփիրքին ըսած է. «Այս հարցին մէջ մենք նախ եւ առաջ կ՛առաջնորդուինք Հայաստանի ղեկավարութեան պաշտօնական յայտարարութիւններով, ըստ որոնց` ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Հանրապետութեան դուրս գալու հարցը ներկայիս օրակարգի վրայ չկայ: Ինչպէս գիտէք, յաջորդ տարի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի նախագահէ Եւրասիական տնտեսական միութեան»:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ խորհրդակցութիւններու ընթացքին ռուսական եւ հայկական կողմերը համաձայնած են գործնական կապի ուղիներու ստեղծման շուրջ` հաւանական տարակարծութիւնները լուծելու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիով:


