Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլ Պէտք Է Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ Կազայի Անմեղ Քաղաքացիներու Պաշտպանութեան Համար»
Իսրայէլ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ Կազայի անմեղ քաղաքացիներու պաշտպանութեան համար, նոյնիսկ եթէ Համասը զանոնք իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործէ: «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն: «Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է ձեռնարկէ բոլոր հաւանական քայլերուն` իր շարունակական գործողութիւններու ընթացքին ահաբեկիչները խաղաղ բնակիչներէն տարբերելու համար», ըսած է ան: «Համաս չափազանց կը դժուարացնէ Իսրայէլի համար կեանքը` խաղաղ...




















