Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Բախումները Հետզհետէ Աւելի Բուռն Կը Դառնան
Իսրայէլեան բանակը երէկ աւելի բուռն կերպով շարունակեց հարուածել հարաւային Լիբանանը: Իսրայէլեան բանակը իր օդուժով եւ հրետանիով ռմբակոծեց Մանսուրի, Մաժտալզուն, Հաունին, Մըրուահին, Ռամիա, Մարուն Ռաս, Շիհին, Ռաշայա Ֆըխխար, Տհայրա, Քֆարշուպա, Հուլա, Մարքապա, Ատայսէ, Խիամ, Այթարուն, Պլիտա, Քֆարհամամ, Ֆարտիս, Հըպպարիէ, Լապպունէ, Մհայպիպ եւ Ռըպ Թլեթին շրջանները` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ, ինչպէս նաեւ ահ ու սարսափի մատնելով հարաւային Լիբանանի բնակիչները: Կէսօրին «Էմ. Քա.»...




















