Սպիտակ Տունը Իսրայէլին Կազայի Մէջ Քաղաքային Զոհերու Արձանագրման Նկատմամբ «Մտավախութիւններ» Յայտնած Է
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին յայտնած են Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու արձանագրման նկատմամբ իրենց մտավախութիւնները: Նախքան այդ, Սպիտան տան ղեկավար Ճօ Պայտըն Իսրայէլը զգուշացուցած էր, որ Կազայի մէջ «անկանոն ռմբակոծում կատարելու պատճառով» միջազգային զօրակցութիւնը կը կորսնցնէ: Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի, պատասխանելով Պայտընի այդ յայտարարութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Մտավախութիւններ ունեցանք: Զինուորական այս արշաւի շարունակման...




















