Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Ֆինանսաւորումը Կասեցնելը Պաղեստինցիներուն Դէմ Գործուած Ոճիր Է

February 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը:

Նիստէն ետք Ալամէ կարդաց յանձնախումբին պատրաստած հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ պաղեստինցիներուն դէմ գործուող ամէնօրեայ ցեղասպանութեան կողքին կարգ մը պետութիւններու կողմէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելը ողբերգական զարգացում կը նկատուի:

«Յանձնախումբը քննարկեց այս զարգացումին ունենալիք վտանգաւոր հետեւեանքները` պաղեստինցիներուն վրայ` Պաղեստինի մէջ թէ այլուր, յատկապէս` Լիբանանի մէջ, եւ հաստատեց հետեւեալը.

Ա) ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու քայլը միջազգային օրինականութեան ձախողութիւնը յայտարարելու համազօր է:

Բ) Այդ քայլին կառչած մնալ կը նշանակէ ՄԱԿ-ի բարոյականութիւնը խոցել: ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելը պաղեստինցիներուն դէմ գործուած ոճիր է եւ Պաղեստինեան դատը ջնջելու փորձ, որովհետեւ անիկա պաղեստինցիները կ՛իրաւազրկէ տունդարձի, ինքնութեան եւ պետութիւն ունենալու հիմնական իրաւունքներէն, որոնք սահմանուած են միջազգային որոշումներով, մասնաւորաբար թիւ 194 եւ թիւ 242 բանաձեւերով:

Գ) Կը պահանջուի արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութենէն անմիջապէս միջամտել այն պետութիւններուն մօտ, որոնք որոշած են ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնել, որպէսզի յետս կոչեն իրենց առած քայլը: Կը պահանջուի միջամտել, որպէսզի այդ պետութիւնները կառչած մնան միջազգային օրինականութեան եւ անոր որոշումներուն`  հաստատելով պաղեստինցի ժողովուրդին պաշտպանութիւնը, ուր որ ալ ըլլայ ան, յատկապէս տունդարձ կատարելու, պետութիւն հիմնելու եւ բռնագրաւումին վերջ տալու պաղեստինցիներուն անշեղ կեցուածքին առումով:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Լիբանան Ամբողջական Լուծումներ Կ՛ուզէ»

Յաջորդը

Պըրրի Ստորագրեց 2024-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.