Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

Փետրուար 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալիեւ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միւս  փաստաթուղթերուն մէջ փոփոխութիւններու պարագային կարելի կը դառնայ խաղաղութեան հասնիլ:

Այս յայտարարութեան նախօրէին արդէն Հայաստանի վարչապետը ազդարարած էր գործող Սահմանադրութիւնը փոխելու իր որոշման մասին: Այս ձեւով պարզ կը դառնայ, որ պահանջը հնչած է Պաքուէն: Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուն ներկայացնողը նման պահանջ կ՛արծարծէ: Այս անգամ գործընթացներու մեկնարկի մասին է խօսքը: Պաշտօնական յայտարարութիւնները փոխլրացուցիչ են:

Բանակցուող խաղաղութեան պայմանագիրի կէտերը, ըստ հրապարակումներու, կը վերաբերէին տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումին: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացայայտած էր հինգ կէտեր, որոնց շուրջ կը խմբագրուէր խաղաղութեան պայմանագիրը: Այդ կէտերէն երկրորդը կ՛ըսէր: «Պետութիւններու կողմէ միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան փոխադարձ հաստատում»: Այսինքն` առաջին կէտով, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անխախտելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան  փոխադարձ ճանաչումը բաւարար չէր: Կ՛աւելնար այն, որ կողմերը յանձնառու կ՛ըլլան տարածքային պահանջ չբարձրացնելու:

Այս կէտերով ալ չէ բաւարարուած Ազրպէյճանը: Հիմա պայման կը դնէ փոխելու Սահմանադրութիւնը: Այլապէս, ըստ այս յայտարարութեան, կարելի չ՛ըլլար հասնիլ խաղաղութեան:

Հետեւելով այս տրամաբանութիւններուն, պիտի որոշուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, որուն համար ալ հանրաքուէի կազմակերպում: Փոխուող Սահմանադրութենէն դուրս պիտի գայ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ամրագրուած յղումը` Անկախութեան հռչակագիրին:

Այս բոլորը կ՛ենթադրեն, որ տակաւին չ՛երեւիր խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, որովհետեւ առանց այդ փոփոխութեան կարելի չի նկատեր Ազրպէյճանի նախագահը, հասնիլ խաղաղութեան: Տրուած ըլլալով, որ կանխատեսելի են նաեւ Ազրպէյճանի նախագահաական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ուրեմն այս նախապայմանը պիտի շարունակէ մնալ եւ իբրեւ պարտադրանք պահանջուիլ Երեւանէն:

Հիմա պարզ չէ, թէ ի՞նչ են «միւս փաստաթուղթերը»: Առաջինը անշուշտ Անկախութեան հռչակագիրն է: Սահմանադրութենէն անոր յղումին ջնջումը  սահմանադրական կը նկատէ հետագայ ստորագրուելիքները թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ յարաբերակցութեամբ: Յայտնաբար ատով ալ չէ բաւարարուած Ազրպէյճանի նախագահը:

Երկրորդ փաստաթուղթը, որուն մէջ Արցախի հարցին եւ եւ մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման կամ Ցեղասպանութեան հատուցման մասին սկզբունքներ բանաձեւուած են, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրն է:

Պաքուի ակնարկը  մտածել կու տայ, որ այս տեսակի փաստաթուղթերը եւս անհրաժեշտ է չեղեալ նկատել, որպէսզի ընդմիշտ վերանայ Արցախի վերաազատագրման պահանջը պետական քաղաքականութենէն:

Երեւան-Անգարա սառած երկխօսութիւնը պայմանաւորուած է Երեւան-Պաքու բանակցութիւններով: Անգարա ամէն առիթի կը շեշտէ, որ հարցերը փոխկապակցուած են: Սահմանադրութիւն փոխելով, Երեւանը ընդառաջած կ՛ըլլայ Անգարայի նախապայմաններուն: Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի պատմական արդարութեան վերականգնման, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու սկզբունքներուն մասին:

Հիմա աւելի քան յստակ է, թէ որքա՛ն անհեթեթ էր ընդգծելն ու շեշտելը, որ Անգարայի հետ բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց նախապայմաններու: Չէր խօսուեր Ցեղասպանութեան, տարածքներու եւ սահմաններու ճանաչման մասին. կը սպասէին պարզապէս պահը, որ Պաքուն դնէր պաշտօնապէս պահանջ դնէր Սահմանադրութիւն փոխելու: Եւ որովհետեւ Անգարան կը փոխկապակցէր Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններու հաստատումը, Պաքուի հետ բանակցութիւններու արդիւնաւորումով, ապա ուրեմն այսքան պարզ բանաձեւով կ՛իրականանան բոլոր նախապայմանները: Փոխելով Սահմանադրութիւնը, առանց խօսելու նախապէս բանաձեւուած նախապայմանային կէտերու մասին:

Բոլոր նախապայմանները ամփոփուած են Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Համար Ուժի Մէջ Մտաւ Հռոմի Կանոնադրութիւնը

Յաջորդը

Ուրկէ՞ Կու Գայ Քարիւղը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?