Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան զոյգ պետերուն եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ:
Սեժուրնէի ընկերակցեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն Անն Կրիօ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կարգ մը խորհրդականներ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Սեժուրնէն` ներկայութեամբ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան եւ Մահմուտ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, յատկապէս քաղաքական եւ զինուորական մագլցումներու առումով` նկատի ունենալով Կազայի եւ Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները:
Հանդիպումէն ետք Սեժուրնէ ըսաւ, որ ինք աւելի ուշ մեկնաբանութիւններ պիտի կատարէ:
Միքաթիի Մօտ
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Սեժուրնէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու հարաւային Լիբանանի ռազմական մագլցումները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սեժուրնէի ընկերակցող պատուիրակութիւնն ու Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհաս եւ Պութրոս Ասաքեր:
Հանդիպումին ընթացքին Սեժուրնէ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնը վերականգնելու եւ զինուորական գործողութիւններուն վերջ տալու առաջնահերթութիւնը:
Ան նշեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը մաս կը կազմէ շրջան կատարած իր շրջապտոյտին, որ կը կատարուի Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնելու եւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու ու զայն պատերազմի վտանգէն հեռու պահելու դիւանագիտական ջանքերը շարունակելու ծիրին մէջ:
Սեժուրնէ ընդգծեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը հիմնական է, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմանալ շրջանին վկայած հսկայական իրադարձութիւններուն:
Պու Հապիպ Ընդունեց Սեժուրնէն
Սեժուրնէ այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սեժուրնէ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Եարզէի Մէջ
Սեժուրնէ այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Սեժուրնէ ընդգծեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով: