Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Փետրուար 6, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան առաջին լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 25-27 յունուար 2024-ին, Ալմելօ, Նետերլանտներ:

Պատգամաւորական 14-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներու լոյսին տակ, Կեդրոնական վարչութիւնը մշակեց քառամեայ իր գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնները` կարեւորութեամբ ընդգծելով հետեւեալները.-

ա) Արցախը ներկայ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ ունի առանցքային տեղ: ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի շրջանը այսօր գործունէութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ, կայք ունենալով ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնը` մինչեւ պատմական վերադարձ իր ակունքներուն: Հարկ է յատուկ ուշադրութեան արժանացնել Արցախի մասնաճիւղը: ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը պարտականութիւնը ունին «ՀՄԸՄ-ի Արցախ հիմնադրամ»-ին ճամբով աջակցելու Հայաստան հաստատուած արցախցիներու օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Արցախի գծով, լիագումարը որդեգրեց յատուկ նշանակ մը, որ այսուհետեւ իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն ՀՄԸՄ-ական բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները:

բ) Լիագումարը հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի կենսունակութեան աղբիւրներէն մէկը երիտասարդութիւնն է, ի մասնաւորի 18-35 տարիքի այն միութենականները, որոնք սկաուտական եւ մարզական տարիներուն հրաժեշտ տալէ ետք, բեղուն եւ ներգործoն մարդուժ են իրենց գաղութներուն մէջ վարչական-կազմակերպչական աշխատանքներու համար: Սոյն նպատակով, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերու կողքին հաստատել կազմակերպ Երիտասարդական Ճիւղ:

ՀՄԸՄ պարտի երիտասարդական իր ճիւղով մշակել ծրագիրներ` համախմբել կարենալու համար միութենական քոյրեր-եղբայրներ եւ զանազան պատճառներով հայ իրականութենէն հեռացած նոր սերունդի անդամներ, իրենց ներդրումը ունենալու հայ իրականութեան մէջ` գիտակցելով, որ սփիւռքի մաշեցնող իրականութեան դէմ յանդիման, ՀՄԸՄ-ը իբրեւ երիտասարդութեան ամէնէն աշխուժ եւ կազմակերպ միութիւնը, պարտաւորութիւնը ունի ազգային արժեհամակարգի հիմերու ամուր պահպանման ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդի մօտ:

գ) Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու պարագային, լիագումարը անհրաժեշտ գտաւ կեդրոնանալ ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցի հզօրութեան աշխատանքին վրայ: Ինչպէս նաեւ համա-ՀՄԸՄ-ական քառամեայ ձեռնարկներու կողքին, թափ տալ ցամաքամասային նախաձեռնութիւններու, շրջանները աւելի աշխուժացնելու, փոխադարձ կապերը սերտացնելու եւ երկու տարին անգամ մը նոյն ցամաքամասի սկաուտներն ու մարզիկները իրարու քով բերելու համար:

դ) Միութենական քարոզչութեան մարզը իր տպագիր, բանաւոր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով արժանացաւ լիագումարի բազմակողմանի քննարկման եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ յատուկ աշխատանք տանիլ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւնները գոհացնող եւ միութեան ընդհանրական դիմագիծը ներկայացնող քարոզչական համակարգ մը ունենալու:

ե) Միութեան կառուցային հզօրացման նպատակով, լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի տեղեկութիւններու շտեմարանի (Տաթա պէյս) աշխատանքներուն եւ այդ ճամբով աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականները իրարու կապելու առաջադրանքին:

զ) Լիագումարը հաստատեց ՀՄԸՄ-ի տնտեսական հզօրացման պարտաւորութիւնը եւ առ այդ շարք մը որոշումներ տուաւ միութեան ֆոնտերուն աշխուժացման եւ տնտեսական ծրագիրներուն իրականացման համար:

է) Վերջին տարիներուն ՀՄԸՄ դրական փորձառութիւն ունեցաւ «Հրաշք» ծրագիրին իրագործումով: Յատուկ խնամքի կարօտ պատանի-պարմանուհիներ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք»-ին շնորհիւ առիթը ունեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ խաղերու իրենց մասնակցութիւնը բերել: Այս քառամեակին ճիգ պիտի կատարուի «Հրաշք»-ի փորձառութիւնը կիրարկելու ՀՄԸՄ-ական այլ շրջաններու մէջ եւս, հոն ուր համապատասխան կարելիութիւններ գոյութիւն ունին:

Եռօրեայ լիագումար նիստերու առընթեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Նետերլանտներու ՀՄԸՄ-ի երեք Մեկուսի շրջաններու` Ալմելոյի, Առնհեմի եւ Ալքմարի վարչութիւններուն հետ, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ալմելոյի եւ Առնհեմի վարչութիւններուն` վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականներու պարգեւատրման ձեռնարկներուն:

2023-2027 քառամեակի առաջին լիագումարը նշեց ՀՄԸՄ-ի 14-րդ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մեկնարկը` հայ կեանքի ամէնէն բարդ եւ պատասխանատու այս հանգրուանին, մշակուած ծրագիրներու յաջողութեան համար հրամայական նկատելով ՀՄԸՄ-ական կարելիութիւններու ամբողջական լարումը` ի սպաս հայ երիտասարդութեան համախմբման, ի խնդիր հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայութեան:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Վերջին Մասին Յաղթեց Միլուոքիի. Պիլ 43 Կէտ Նշանակեց Իր Նախկին Խումբին Դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?