Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական 51-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-3 դեկտեմբեր 2023-ին, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու 54 լիազօր քոյր-եղբայրներ, 25 հրաւիրեալներ եւ ի պաշտօնէ մասնակիցներ: Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի անցնող երկու տարուան գործունէութիւնը եւ կատարեց համապատասխան գնահատական: Ժողովին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր...

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան.  Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Մարգարա» Անցակէտը Պատրաստ Է Շահագործման

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Մարգարա» Անցակէտը Պատրաստ Է Շահագործման

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման: «Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ թրքական կողմէն եւս դրական ազդակներ ստանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ», նշած են արտաքին գործոց նախարարութենէն: Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ առանց այլ մանրամասնութիւն յայտնելու ըսաւ, որ Երեւանի ու Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչներու հաւանական...

Հայաստանի Առաջին Հայրենական Արբանեակը` «Հայասաթ-1», Արձակուեցաւ Տիեզերք

Հայաստանի Առաջին Հայրենական Արբանեակը` «Հայասաթ-1», Արձակուեցաւ Տիեզերք

Ուրբաթ օր Երեւանի ժամանակով ժամը 22:18-ին Միացեալ Նահանգներու «Սփէյս-ԷՔՍ» ընկերութեան հրթիռով հայկական արտադրութեան «Հայասաթ-1» արբանեակը արձակուեցաւ տիեզերք: Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան ներկայացումով` «Հայասաթ-1» արբանեակը ստեղծուած է «Բազումք»-ի եւ Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոնին կողմէ: Արբանեակը մշակած «Բազումք»-ը այս տարուան 7 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համապատասխան կառոյցին կողմէ ստացած էր տիեզերական գործունէութիւն իրականացնելու արտօնագիր:

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր`  Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր` Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջ շաբաթավերջին թէժ մարտեր ընթացան Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ` պատճառելով երկկողմանի հսկայական վնասներ եւ տիրող կացութեան տալով աւելի սպառնալից բնոյթ: Այս շրջագիծին մէջ Իսրայէլ ռմբակոծեց Հուլա, Քաունին, Այթարուն, Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Եարուն, Քաուզահ, Պլիտա, Քֆարշուպա, Քֆարհամամ, Թիպէ, Խիամ, Համամես, Ալմա Շաապ, Այթա Շաապ, Պէյթ Լիֆ, Քֆարքիլա, Մըրուահին, Մերժահիուն, Թէյրհարֆա եւ Սլուքի շրջանները, ինչպէս նաեւ Ֆարտիսի եւ Հըպպարիէի...

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով.  «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու,  Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին»   Շեշտեց Միքաթի

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու, Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին» Շեշտեց Միքաթի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ  մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի կլիմայական «Քոփ 28» խորհրդաժողովին: Տուպայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրեն համար անկարելի է իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ չանդրադառնալ Լիբանանի ազգային կարողութիւնները ամրապնդելու համար անհրաժեշտ կարիքներուն, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր կլիմայական լուրջ հետեւանքներ արձանագրուած են պատերազմներուն պատճառով: «Լիբանան կը...

«Միացեալ Նահանգներ Կազայի Սահմաններու  Փոփոխութիւն Կամ Պաղեստինցիներու  Տեղահանում Պիտի Չարտօնէ»  Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

«Միացեալ Նահանգներ Կազայի Սահմաններու Փոփոխութիւն Կամ Պաղեստինցիներու Տեղահանում Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

Ուաշինկթըն ոչ մէկ պարագայի պիտի արտօնէ Կազայէն պաղեստինցիներու հարկադիր տեղահանում կամ շրջանի սահմաններու վերաձեւում: Այս մասին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս: «Փոխնախագահը նաեւ քննարկած է Միացեալ Նահանգներու` Կազայի հատուածին մէջ յետհակամարտային ծրագրաւորման վերաբերող գաղափարները, ներառեալ` անոր վերականգնման, անվտանգութեան ապահովման եւ կառավարման ջանքերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հարիս ընդգծած է, որ պաղեստինեան...

Ակնարկ.   Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ

Ակնարկ. Նախագահի Ընտրութեան Օրակարգին Առընթեր Հնչող Այլ Պահանջներ

Ֆրանսայի յատուկ պատուիրակին հերթական այցելութիւնը կը զուգադիպէր Համաս-Իսրայէլ պատերազմի զինադուլի փուլին, առ երեւոյթ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ զինադուլի հաստատման առընթեր միջազգային ընտանիքը վերստին պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի նախագահութեան ընտրութեան օրակարգին վրայ: Զինադուլի երկարաձգման վերջին բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած: Չի նշանակեր անշուշտ, որ անոնք պիտի չշարունակուին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք  Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, թէ մարդասիրական զինադուլի երկարաձգման աշխատանքը պիտի շարունակուի: Այս պայմաններուն...

ՄԱԿ-ի Զեկուցող. «Ազրպէյճան Կը Ծրագրէ  Հետագային Վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները»

ՄԱԿ-ի Զեկուցող. «Ազրպէյճան Կը Ծրագրէ Հետագային Վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները»

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ մնայուն ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակած է ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի հաղորդագրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Լուրեր»-ը: ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողը Ազրպէյճանին ուղղուած հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնած է «հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու եւ առարկաներու ոչնչացման...

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան  Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

Կազայի դէմ բուռն կռիւներն ու ռմբակոծումները վերսկսելէն ժամեր ետք, իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծելու սկսան նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանները: Իրենց բնակարանները վերադարձող հարաւային Լիբանանի բնակիչները տակաւին չէին հասած վերստին տեղաւորուելու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ կամ գնահատելու կամ չափագրելու վնասները, երբ Իսրայէլ սկսաւ ռմբակոծել Այթա Շաապը, Քֆարքիլան, Տէր Միմասը, Մէյս Էլ Ժապալը, Հուլան, Ատայսէն, Ժըպպէյնը եւ Սլուքի հովիտը: Իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Հուլայի...

Կազայի Մէջ Զինադադարը Վերջ Գտաւ.  Բուռն Կռիւներն Ու Ռմբակոծումները Վերսկսան

Կազայի Մէջ Զինադադարը Վերջ Գտաւ. Բուռն Կռիւներն Ու Ռմբակոծումները Վերսկսան

Կազայի մէջ քանի մը անգամ երկարաձգուած զինադադարը, որ 7 օր շարունակուած էր եւ որուն ընթացքին գերիներու առօրեայ փոխադարձ ազատ արձակում տեղի ունեցած էր, երէկ արշալոյսին վերջ գտաւ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, գիշերուան ընթացքին զինադադարը երկարաձգելու բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, «սակայն կողմերը ի վերջոյ չկրցան լուծումի մը հասնիլ»: Լաւատեղեակ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ քաթարցի եւ եգիպտացի միջնորդները...

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան.  «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան. «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Արցախի կապուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ Համաս -Իսրայէլ պատերազմին պատճառով որոշ դադարէ ետք վերսկսան «Ազդակ»-ի առցանց լսարանները: Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 61-րդ առցանց լսարանը, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ Կրօններու խորհուրդի քարտուղար եւ Ֆրիպուրկ համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ նախապէս տարբեր առիթներով դասախօսած էր «Ազդակ»-ի առցանց...

Ազրպէյճան Կրկին Խախտած Է  Պայմանաւորուածութիւնը.  Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պետական Սահմանի Սահմանազատման Հարցերով Պետական Յանձնախումբերու Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին վրայ 30 նոյեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի հինգերորդ հանդիպումը` Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, կողմերը շարունակած...

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ  Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն Ոչ Մահաբեր  Ձեւաչափի Աջակցութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն Ոչ Մահաբեր Ձեւաչափի Աջակցութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է իր շարունակական աջակցութիւնը 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագիրին հիման վրայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներուն հիման վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան վերաբերեալ ամփոփիչ հաղորդագրութեան մէջ: «Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի 13 նոյեմբերի...

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ շարունակեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ ան այցելեց Հարեթ Հըրէյք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Հըզպալլայի արաբական ու միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի:...

Երէկ Զինադադարը 7-րդ Օրով Երկարաձգուեցաւ

Երէկ Զինադադարը 7-րդ Օրով Երկարաձգուեցաւ

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը հինգշաբթի օր եւս եւ նոյն պայմաններով երկարաձգուած է: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ կ՛աշխուժացնէ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման հասնելու ջանքերը: Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին յայտարարեց. «7-րդ օրով` հինգշաբթի օր եւս զինադադարը երկարաձգելու համաձայնութիւն գոյացաւ»: Համաս նաեւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլ մերժած է զինադադարի երկարաձգման...

Ակնարկ.  Կազայէն Արագ Ոստումը Դէպի Կոլան

Ակնարկ. Կազայէն Արագ Ոստումը Դէպի Կոլան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որդեգրած բանաձեւը Իսրայէլէն պահանջելու, որ հեռանայ Կոլանի բարձունքներէն,  միջազգային ընտանիքի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ օղակն է: Բանաձեւը բնականաբար պարտադիր բնոյթ չունի, սակայն միջազգային ընտանիքի կեցուածքն է, որ կրնայ իբրեւ ճնշամիջոց, համապատասխան յղումով արծարծուիլ Թել Աւիւի նկատմամբ այս կամ այն պետութեան կողմէ, տարբեր առիթներու: Մինչ Կազայի ուղղութեամբ կը սաստկանան զինադուլը տեւական դարձնելու ճնշումները: Կարճատեւ երկարաձգումները մարտավարական նշանակութիւն ունին...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Կոչ Ուղղած Է

Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ընդունած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման եւ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումները: «Արմէնփրես»-ի Պրիւքսելի թղթակիցին համաձայն, զեկուցումները կը դատապարտեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական յարձակումը Արցախի դէմ: Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման  տարեկան զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, եւ կոչ...

Լը Տըրիան Կ՛ընդգծէ Լիբանանեան Համախոհութիւն  Գոյացնելու Եւ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

Լը Տըրիան Կ՛ընդգծէ Լիբանանեան Համախոհութիւն Գոյացնելու Եւ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ սկսաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունենալիք հանդիպումներու շարքին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Լը Տըրիան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Առաւօտեան Լը Տըրիան այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն...

Պայտըն. «Պատերազմի Շարունակութիւնը Ճիշդ  Համասի Ուզածն Է. Չենք Կրնար Ատիկա Ընել»

Պայտըն. «Պատերազմի Շարունակութիւնը Ճիշդ Համասի Ուզածն Է. Չենք Կրնար Ատիկա Ընել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը ճիշդ Համասի ուզածն է` չտեսնել, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կողք-կողքի խաղաղութեամբ կ՛ապրին: Պայտըն ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով ըսաւ. «Համաս ահաբեկչական յարձակում մը շղթայազերծեց, որովհետեւ ոչ մէկ բանէ աւելի կը վախնայ, քան իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները կողք-կողքի խաղաղութեամբ ապրիլը տեսնելը»: «Ահաբեկչութեան, բռնութեան, սպանութեան եւ պատերազմի ուղիով ընթանալը համազօր է Համասին...

Ուաշինկթըն Երեւանի Եւ Պաքուի Համար Խաղաղութիւն Հաստատելու «Իրական Կարելիութիւն» Կը Տեսնէ

Ուաշինկթըն Երեւանի Եւ Պաքուի Համար Խաղաղութիւն Հաստատելու «Իրական Կարելիութիւն» Կը Տեսնէ

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համար խաղաղութիւն հաստատելու իրական կարելիութիւն կը տեսնէ: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն: «Մեզ կ՛ոգեւորէ, որ կողմերը կը խօսին իրարու հետ անմիջականօրէն եւ միջնորդներու միջոցով: Այստեղ մենք կը տեսնենք ամբողջ շրջանին համար օգուտ քաղելու իրական կարելիութիւն: Օրինակ, եթէ Կեդրոնական Ասիայէն առեւտուրը կարենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ճամբով հասնիլ Թուրքիա, ապա...

Page 198 of 796 1 … 197 198 199 … 796

Արխիւներ