Եգիպտոսի նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակում կատարելու ջանքերը:
Անոնք քննարկած են նաեւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու ջանքերը:
Եգիպտոսի նախագահը ընդգծած է Կազայի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի «առանցքային դերակատարութիւն»:
«Անհրաժեշտ է տագնապին առնչակից միջազգային ու ՄԱԿ-ի որոշումները գործադրել եւ Պաղեստինեան դատին նկատմամբ լուրջ ու համապարփակ քայլեր առնել, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ շրջանին մէջ յարատեւ կայունութիւնը», նշեց Եգիպտոսի նախագահական պալատը:
Պլինքըն իր կարգին իր երկրին նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի հետ համակարգումի եւ միացեալ ջանքերու շարունակման նկատմամբ` «հանդարտութեան հասնելու եւ շրջանը տագնապի ընդլայնումէն պաշտպանելու համար»:
Պլինքըն նախապէս 7 հոկտեմբերէն ետք իր միջինարեւելեան 5-րդ շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելած էր Ռիատ, ուր երկուշաբթի գիշեր հանդիպում ունեցած էր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ:
Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային կացութեան զարգացումներն ու անոնց նկատմամբ թափուած ջանքերը` անվտանգութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Պլինքըն շեշտած է Կազայի մէջ մարդասիրական կարիքները բաւարարելու եւ տագնապի յաւելեալ ընդլայնումը արգիլելու կարեւորութիւնը:
«Նախարարն ու գահաժառանգը շարունակեցին Կազայի մէջ տագնապին մնայուն կերպով վերջ տալու եւ հաւասարապէս իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու գծով շրջանային համակարգումին շուրջ քննարկումները», նշեց նախարարութիւնը:
Պլինքըն Եգիպտոսէն պիտի մեկնի Քաթար, Իսրայէլ եւ Այսրյորդանան` քննարկելու գերիներու ազատ արձակման, պատերազմէն ետք Կազայի կառավարման եւ Իսրայէլի ու արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարները:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եիսրայէլ Քացի եւ ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտի հետ հանդիպումներէն ետք յայտարարեց. «Որեւէ պարագայի պաղեստինցիներու Կազայէն կամ Այսրյորդանանէն որեւէ բռնի տեղահանում չի կրնար ըլլալ»:
«Կարելի չէ Կազայի ապագան անջատել Այսրյորդանանի ապագայէն: Պէտք է այս ապագան պատրաստել աջակցելու Պաղեստինեան իշխանութեան, որ պէտք է վերանորոգուի եւ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնայ Կազա», աւելցուց Սեժուռնէ` ընդգծելով. «Կը կրկնեմ` Կազան պաղեստինեան հող է»:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական համապարփակ լուծում գտնելու ստեղծելով երկու պետութիւններ, որոնք կողք-կողքի խաղաղութեամբ կ՛ապրին, ինչ որ «անմիջապէս» քաղաքական հոլովոյթի շարունակութիւն կը պահանջէ:
«Առանց քաղաքական լուծման կարելի չէ Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատել, եւ այս է մեր դիրքորոշումն ու կացութեան վերլուծումը», յայտնեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
«Առանց «երկու պետութիւններ» լուծումին Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ ո՛չ անվտանգութիւն, ո՛չ ալ մնայուն կայունութիւն կայ», ըսաւ Սեժուռնէ եւ կոչ ուղղեց «զինադադար հաստատելու, դադրեցնելու Կազայի մէջ քաղաքայիններու տառապանքները եւ ազատագրելու իսրայէլացի գերիները»:
Նշենք, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը մէկ օր առաջ նոյն պատգամը ուղղած էր Նեթանիահուին:


