Մինչ Լիբանան կը սպասէ ֆրանսացի եւ ամերիկացի պատուիրակներուն Պէյրութ կատարելիք այցելութիւններուն, Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը հրապարակեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոնի Լիբանան այցելութեան վերաբերող հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Քամերոն իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնն ու բռնարարքները դադրեցնելու Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ Քամերոն բարձր գնահատած է լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ հաստատած, որ Բրիտանիա բանակին օժանդակութիւնը պիտի շարունակէ:
Բրիտանիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան համաձայն, Քամերոն իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Քամերոն հաստատած է նաեւ զինուորական գործողութիւնը դադրեցնելու եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վկայել խաղաղութեան երկարատեւ ժամանակաշրջան մը:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Համիշ Քոուել յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը դիւրաբեկ է` աւելցնելով, որ յաւելեալ մագլցումները ոչ մէկ կողմի շահերուն կը ծառայեն:
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը անցեալ շաբաթավերջին թէժ կացութիւն ապրեցաւ:
Շաբաթ առաւօտեան Պլիտայի դէմ իսրայէլեան բուռն ռմբակոծումներուն ընթացքին սպաննուեցան Ամալ շարժումի երկու անդամներ` Ալի Խալիլ Մոհամետ եւ Մուսթաֆա Ապպաս Տահեր, իսկ երէկ, երբ անոնց յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծումի թիրախ դարձուց յուղարկաւորութեան մօտակայ շրջանները:
Միւս կողմէ, ամբողջ շաբաթավերջին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Շիհին, Ըմ Թութ, Մըրուահին, Այթա Շաապ, Պընթ Ժպէյլ, Եարուն, Տհայրա, Ալմա Շաապ, Մարքապա, Ռաշայա Ֆըխխար, Քֆարհամամ, Պէյթ Լիֆ, Պլիտա, Մհայպիպ, Մէյսէլ Ժապալ, Հըպպարիէ եւ Հուլա շրջանները, ինչպէս նաեւ Պայյատ եւ Սլուքի հովիտները:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Խըրպեթ Մայեր դիրքը` հասցնելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Սըմմեքա եւ Ռամթա դիրքերը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ. արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծած են Իվըն Մանախեմ բնակեցման վայրը եւ Մազարեհ Շեպաան:
Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Քոպրայի բարձունքն ու երեք հրթիռներով ռմբակոծեց Շթուլայի բնակեցման վայրը:
Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով թիրախ դարձուցին Պրանեթ զօրամասը` անոր դէմ ուղղակի հարուած հասցնելով:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Մարժի եւ Ապատի դիրքերը, ինչպէս նաեւ Մանարայի բնակեցման վայրին մէջ գտնուող բնակութեան երկու շէնքեր:
Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Զըպտին եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերը:
Նշենք, որ Հըզպալլայի մարտիկներէն Մոհամետ Ժաուտաթ Եհիա եւ Ապպաս Ալի Մուպարաք միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին: