Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Համար Ուժի Մէջ Մտաւ Հռոմի Կանոնադրութիւնը

February 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան երէկ պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային քրէական դատարանին. Հայաստանի համար 1 փետրուարէն ուժի մէջ մտաւ Հռոմի կանոնադրութիւնը:

Հայաստանի խորհրդարանը 3 հոկտեմբեր 2023-ին միայն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան 60 թերքուէներով վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան 14 հոկտեմբեր 2023-ին զայն ստորագրեց, որմէ ետք արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին տեղեկացուց Միջազգային քրէական դատարանին:

Ազգային ժողովի քուէարկութենէն շուրջ երկու ժամ ետք Քրեմլինը յայտարարեց, որ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն ճիշդ քայլ չէ:

Մոսկուայի դժգոհութեան պատճառը այն է, որ Միջազգային քրէական դատարանը 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալութեան հրամանագիր արձակած է, եւ Հայաստան իբրեւ դատարանի լիիրաւ անդամ ստիպուած պիտի ըլլայ այդ հրամանագիրը գործադրել:

Երեւան իր կարգին յայտարարած է, որ Հռոմի կանոնադրութեան միանալով կ՛ուզէ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել զինուորական յանցագործութիւններու համար:

Երեւանը կը խօսի նաեւ արցախահայերու տեղահանութեան համար Ազրպէյճանի դէմ Միջազգային քրէական դատարան հայց ներկայացնելու կարելիութեան մասին:

Ռուսիոյ Արձաանը

Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանի տէ ժիւրէ եւ տէ ֆաքթօ անդամակցութիւնը բացասաբար չազդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցումով լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` արձագանգելով Հայաստանի համար Հռոմի կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելուն:

«Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանի տէ ժիւրէ եւ տէ ֆաքթօ անդամակցութիւնը բացասաբար չազդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ: Մոսկուայի համար այդ յարաբերութիւնները յարգի են», ըսած է Փեսքով:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, անդրադառնալով Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան պաշտօնապէս ուժի մէջ մտնելուն, «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայաստանի կողմէ խիզախ որոշում է, որ կը նպաստէ անպատժելիութեան դէմ պայքարին»:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Պարագային Կարելի Է Խաղաղութեան Հասնիլ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Սահմանադրութեան Փոփոխութեամբ Պարտադրել Բոլոր Նախապայմանները

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.