Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ. Տէյվիտ Քամերոն Կ՛ընդգծէ Կազայի Մէջ Զինադուլ Հաստատելու Առաջնահերթութիւնը

February 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ բանակի հրամանատարին հետ:

Քամերոն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պըրրի Քամերոնի ներկայութեան ընդգծեց, որ Իսրայէլ թիրախ կը դարձնէ լիբանանցի քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ գիւղաքաղաքներու բնակուած շրջաններ` խզելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւն ու բախման կանոնները: «Լիբանան կառչած կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան` այդ բանաձեւին որդեգրումէն ի վեր», հաստատեց Պըրրի:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Պըրրի շեշտեց միջլիբանանեան համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ լիբանանեան վարչակարգին իւրայատկութիւնը:

Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը անհրաժեշտ է` շարունակելու համար պահանջուած տնտեսական բարեկարգումները:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց Քամերոնը:

Ներկայ գտնուեցան Միջին Արեւելքի հարցերով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թարեք Ահմետ, դեսպան Քոուել, Քամերոնի ընկերակցող բրիտանական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհաս, Պութրոս Ասաքեր եւ Զիատ Միքաթի:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միջոցներն ու քաղաքական-դիւանագիտական լուծման յանգելու հեռանկարները:

Միքաթի եւ Քամերոն քննարկեցին նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, զայն հզօրացնելու եւ անոր կարողութիւնները բարելաւելու միջոցները, բանակին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու երաշխիքները:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի շրջանին մէջ խաղաղ լուծման հաստատումին` աւելցնելով, որ Բրիտանիոյ դերակատարութիւնը ամուր է լիբանանեան բանակին ուժեղացման մէջ:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կը զօրակցի միջազգային բոլոր բանաձեւերուն բառացի գործադրութեան, մասնաւորաբար` թիւ 1701  բանաձեւին, ինչպէս նաեւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ համագործակցութեան:

Քամերոն իր կարգին շեշտեց, որ Կազայի մէջ զինադուլի հաստատումը առաջնահերթութիւն է, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապի լուծման յաջորդ փուլերուն անցնիլ:

Զօր. Աունի Մօտ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Քամերոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Քամերոն ընդգծեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ լիբանանեան բանակին` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ պայմանները:

Նախորդը

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Հաճիզատէ. «Հարցուցէք` Ե՞րբ Հայաստանը Կը Պատրաստուի Սահմանադրութենէն Վերցնել Դրացիներուն Ուղղուած Տարածքային Պահանջները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.