Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ Քաթարին ու Եգիպտոսին յանձնած է Իսրայէլի հետ գերիներու փոխանակման մասին առաջարկներուն իր պատասխանը:
Կը նշուի, որ Համասի արձագանգը դրական եղած է` ողջունելով զինադադարի դրութիւնը, պաղեստինցիներու մարդասիրական օգնութեան ապահովումը, Կազայի վերականգնումը, շրջափակման չեղեալ նկատուիլն ու գերիներու վերջնական փոխանակումը:
«Ռոյթըրզ» ծանօթացած է փաստաթուղթի նախագիծին: Ծրագիրը բաղկացած է 3 փուլերէ (իւրաքանչիւրը` 45 օր)` իսրայէլացի գերիներու փոխանակում պաղեստինցի գերիներու հետ, Կազայի վերակառուցում, իսրայէլեան զօրքերու ամբողջական հեռացում եւ մահացածներու դիակներու փոխանակում:
Ըստ ծրագիրի, կռիւը պէտք է դադրեցուի առնուազն 4,5 ամիսով:
Գործակալութեան տուեալներով` Համասի ծրագիրին համաձայն, առաջին փուլին Իսրայէլի հետ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան միջնորդներու միջոցով: Նոյն փուլին տեղի պիտի ունենայ իսրայէլեան զօրքերու Կազայի բնակեցուած տարածքներէն հեռացումը, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու եւ գաղթակայաններու վերականգնումը:
45 օրուան ընթացքին կամ խաղաղութեան ծրագիրի 2-րդ փուլի ընթացքին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պէտք է տեղի ունենայ գերիներու փոխանակում` Իսրայէլի մօտ գտնուող պաղեստինցի գերիներու հետ: Նոյն ժամանակահատուածին պէտք է տրամադրուի մարդասիրական օգնութիւն:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը երէկ հրապարակեց Համասի պատասխանի բնագիրը, որուն մէջ Եգիպտոսը, Քաթարը, Թուրքիան, Ռուսիան եւ ՄԱԿ-ը նշուած են իբրեւ համաձայնութեան երաշխաւորներ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը, «Սի.Այ.Էյ»-ի, Մոսատի եւ եգիպտական հետախուզութեան տնօրէնները յունուարին Փարիզի մէջ համաձայնած էին Կազայի մէջ գերիներու փուլ առ փուլ ազատ արձակման նոր գործարքի հիմերուն շուրջ: Համաս շարժումը յայտարարած էր, որ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու առաջարկ ստացած է, կ՛ուսումնասիրէ զայն եւ պիտի տայ իր պատասխանը:
Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտարարեց. «Համաս շարժումի պատասխանը համաձայնութեան շրջագիծին շուրջ նկատողութիւններ կը պարունակէ, եւ ընդհանուր առմամբ դրական է եւ լաւատեսութիւն կը յառաջացնէ»:
«Համասի պատասխանը յոյս կը ներշնչէ, եւ փուլին նրբութեան պատճառով մանրամասնութիւններու պիտի չանդրադառնամ», ըսաւ ան:
Քաթարեան դիւանագիտութեան պետը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մերժեց Համասի պատասխանին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել:
Պլինքըն իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Համասի պատասխանը` նշելով, որ զայն պիտի քննարկէ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ:
«Տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք, սակայն տակաւին կը կարծենք, որ համաձայնութիւն գոյացնելը կարելի եւ, իրապէս անհրաժեշտ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Մենք ամիսներէ ի վեր ջանք կը թափենք Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու, եւ վճռական ենք օգտագործելու որեւէ զինադուլ` դէպի քաղաքական մնայուն լուծում ուղղուելու համար», ըսաւ Պլինքըն` նշելով, որ կարգ մը կողմեր չեն ուզեր միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հասնիլ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումէն ետք յոյս յայտնեց Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան հասնելու, սակայն նշեց. «Տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք, սակայն մեծապէս կեդրոնացած ենք այս աշխատանքը կատարելու վրայ, եւ կը յուսանք կարենալ շարունակել գերիներու ազատ արձակումը, որ դադրեցաւ»:
Պլինքըն նշեց. «Բոլորս պէտք է յանձնառու ըլլանք մեր կարելին կատարելու պէտք եղած օժանդակութիւնները հասցնելու անոնք, որոնց ատոր կարիքը ունին, եւ քայլերուն վրայ, որոնք կ՛առնուին, ինչպէս նաեւ յաւելեալ քայլերը, որոնք պէտք է առնուին: Ասոնք այստեղ ժողովներուս առանցքն են»:
Իսրայէլացի ականաւոր պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Իսրայէլի վարչապետին ու պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթին յայտնած է Ռաֆահի մէջ գործողութիւններու ընդլայնման նկատմամբ Պայտընի վարչակազմին մեծ մտահոգութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին նշեց, որ Համասի մօտ պահուած գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ «կարգ մը շարժումներ» կան` աւելցնելով, որ գործարքին վերաբերեալ Համասի պատասխանը «չափազանցուած է»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Քաթարեան միջնորդը Համասի պատասխանը յանձնեց իսրայէլեան հետախուզութեան` Մոսատին, եւ բանակցութիւններուն մասնակից պաշտօնատարները ուշադրութեամբ կը սերտեն անոր մանրամասնութիւնները»:
«Աքսիոս» հաղորդեց, որ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարած է. «Համասի պատասխանին մէջ կան աւելի լաւ բաներ եւ աւելի վատ բաներ: Ամէն պարագայի, ասիկա միայն բանակցութիւններուն սկզբնակէտն է»:
Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Նեթանիահու երեք փուլերու միջեւ զինադադարի հաստատման համաձայն գտնուեցաւ առանց պատերազմական խորհուրդին հետ խորհրդակցելու»:
Համասի ղեկավարներէն Ղազի Համատ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ շաժումին մօտ «իսրայէլեան բանտերէն կարելի եղածին չափ մեծ թիւով պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման ապահովման ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կառավարական դաշինքը պահպանելու համար կը փորձէ բոլորին խաբել, թէ յաղթանակ արձանագրած է կամ պիտի արձանագրէ», ըսաւ Համատ` աւելցնելով. «Շրջագիծի համաձայնութեան մէջ բազմաթիւ հարցեր յստակ չէին, ուստի անոր պատասխանելու ժամանակի կարիք ունեցանք»:
Համասի մէկ այլ ղեկավար` Մոհամետ Նազզալ քաթարեան «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կարելի չէ բանակցութիւնները շարունակել, եթէ բռնագրաւումը Կազայէն չհեռանայ եւ մնայուն զինադադարի հաստատման չհամաձայնի»: