Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ հարաւային Լիբանանի սահմանազատման թղթածրարներուն համար յառաջիկայ շաբաթ կրնայ ըլլալ նոր զարգացումներու շաբաթ մը: Վստահելի աղբիւրներ հաղորդած են, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պիտի այցելէ Լիբանան` միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ:
Կը նախատեսուի, որ ան Պէյրութ այցելէ երկուշաբթի գիշեր, ուր պիտի քննարկէ երկիրը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ գտնուող լիբանանցի երեսփոխաններուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն յառաջիկայ շաբաթասկիզբին այցելէ Իսրայէլ:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ եթէ երկուշաբթի, 5 եւ երեքշաբթի, 6 փետրուարին Հոքշթայնի կատարելիք այցելութիւնը դրական արդիւնքներ արձանագրէ, ապա ան կրնայ չորեքշաբթի, 7 եւ հինգշաբթի, 8 փետրուարին Լիբանան այցելել:
Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Երէկ
Համեմատաբար Հանդարտ Վիճակի Մէջ Էր
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը երէկ համեմատաբար հանդարտ վիճակի մէջ մնաց: Դիմադրութեան մարտիկներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ շատ բախումներ չարձանագրուեցան:
Իսրայէլեան հրետանին յետմիջօրէին ռմբակոծեց Թէյր Հարֆա, Քֆարշուպա, Ֆարտիս, Ուատի Հասան, Մաժտալ Զուն, Այթարուն, Հըպպարիէ, Ռաշայա Ֆըխխար եւ Քֆարքիլա շրջանները: Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Սըմմեքա եւ Ռամթա դիրքերը` ուղղելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Զըրհիթ զօրանոցը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ. արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծած են Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը, ինչպէս նաեւ Մազարեհ Շեպաան:


