Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան. «Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Եմէնի Դէմ Ամերիկայի Գործողութիւնները Կը Հակասեն Պատերազմը Չընդարձակելու Վերաբերեալ Պնդումներուն»

Փետրուար 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Ամերիկայի եւ Բրիտանիոյ գործողութիւնները կը հակասեն պատերազմը չընդարձակելու վերաբերեալ պնդումներուն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց. «Եմէնի մէջ ամերիկեան եւ բրիտանական յարձակումները շրջանի մէջ տագնապն ու հակամարտութիւնը հրահրելու փորձ են»:

«Շրջանին մէջ ամերիկեան գործողութիւնները կ՛ոտնահարեն միջազգային օրէնքը եւ Իսրայէլին կ՛արտօնեն շարունակել Կազայի մէջ իր ոճիրները», նշեց նախարարութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ զինուորական յարձակումները Եմէնի վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը Իրաքի եւ Սուրիոյ վրայ»:

«Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոնի հետ հանդիպումի ընթացքին ես յստակ ըսի. «Պատերազմի շարունակութիւնը լուծում չէ: Դուք չէք ուզեր փորձել շրջանի ցասումը: Մենք Իրաքի, Սուրիոյ, Եմէնի եւ Պաղեստինի (Կազա եւ Այսրյորդանան) անվտանգութիւնը կը նկատենք շրջանի անվտանգութիւն», գրած է Ապտոլլահեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան թրքական «Ա-հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց Կազայի մէջ ընթացող ջարդը կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցնելուն վրայ կեդրոնանալու:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ կը քանդէ այն ենթակառոյցը, ուր կ՛ապրին Կազայի բնակիչները, եւ զանոնք կը ձգէ ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հաղորդակցութեան կարիքի մէջ:

«Իսրայէլ ապահով պիտի զգայ, երբ դադրի ստելէ», աւելցուց Ֆիտան` նշելով, որ Իսրայէլ կը ջանայ հող ստանալ եւ ոչ թէ անվտանգութիւն:

«Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը աղէտներ բերաւ, եւ Իսրայէլի մէջ անվտանգութիւն պիտի չհաստատուի, մինչեւ որ պաղեստինցիներուն իրենց սեփական հողը տրուի», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ զգուշացուց «Կազայի մէջ տեղի ունեցողին պատճառով պատերազմի` շրջանին մէջ ընդարձակման վտանգէն»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Թոր Ուեսլանտի հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց կարեւորութիւնը միջազգային խաղաղութեան խորհրդաժողովի գումարման` երաշխաւորելու համար միջազգային օրինականութեան որոշումներուն եւ որոշակի ժամանակացոյցի հիմամբ Իսրայէլի` պաղեստինեան հողերէն հեռացումը:

Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը Պաղեստին պետութիւնը քաղաքական ու տնտեսական առումով կարող դարձնելու` ամբողջութեամբ կատարելու Երուսաղէմի, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները:

Ապպաս կարեւոր նկատեց ջանքերու մէկտեղումը` արգիլելու համար որեւէ պաղեստինցիի Կազայէն կամ Այսրյորդանանէն, ներառեալ արեւելեան Երուսաղէմէն տեղահանումը, դադրեցնելու Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումի ուժերու բոլոր յարձակումներն ու իսրայէլացի բնակեցուածներու բռնարարքները, ինչպէս նաեւ Կազայէն որեւէ տարածքի անջատումը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց` աւելցնելու մարդասիրական օժանդակութիւններն ու Կազայի բնակիչներուն պատսպարման նիւթերը, մասնաւորաբար ներկայ կլիմայական ծանր պայմաններուն լոյսին տակ:

«Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անզուսպ արտայայտութիւն ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հասցէին:

Օրաթերթը նշեց, որ Պայտըն յայտնած է, որ «ինչպէս ամբողջ վարչակազմին մէջ եւ որեւէ դեմոկրատ, որ զարկերակ ունի», կասկածանքով կը վերաբերի Իսրայէլի վարչապետին:

«Փոլիթիքօ» կը նշէ, որ ան Իսրայէլի վարչապետը «գրողի տարած վատ տղայ» կոչած է:

Սպիտակ տունէն այս տեղեկութեան չեն համաձայնած:

Սպիտակ տան ներկայացուցիչ Էնտրիւ Պէյց «Փոլիթիքօ»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը նման բան չէ ըսած եւ չէր ըսեր:

Ան ընդգծած է, որ երկու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ յարգալից յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին:

Նախորդը

Ֆիտան Էրտողան-Փութին Սպասուող Հանդիպումի Օրակարգին Մասին Որոշ Մանրամասնութիւններ Կը Հաղորդէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?