Սկսած Է «Արծիւ Գործընկեր-2024» Հայ-Ամերիկեան Միացեալ Ռազմափորձը
Երէկ սկսած է «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձը: Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիային մէջ ռազմափորձի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին հնչած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պետական քայլերգները, «Արծիւ գործընկեր» ռազմափորձի քայլերգը: Զինուորական ծառայողներուն ողջոյնի խօսք յղած են պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ու Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինը: Ռազմափորձը պիտի տեւէ մինչեւ 24 յուլիս: Անոր մէջ ներգրաւուած են Հայաստանի Հանրապետութեան...




















