Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 33-Ամեակին Առիթով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Համար Արցախի Հարցը Միշտ Պիտի Մնայ Առաջնահերթ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, ազգային վառ ապրումներով եւ վերանորոգ հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Հայ ժողովուրդը կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանը: Հայաթափուած է Արցախը, Հայաստանը կը մնայ ենթակայ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն: Փաստօրէն Հայաստանը առանձին է, իրաւ բարեկամ չունի: Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ներկայ կացութեան դիմաց չենք կրնար, իրաւունք չունինք լուռ մնալու: Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, ուժերու համախմբումը ու մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը համահայկական օրակարգի մը շուրջ` հրամայական է ու առաջնահերթ:

Ջերմօրէն կ՛ողջունենք Արցախի նուիրուած ներկայ հաւաքը: Արցախը մեզի համար անցեալ չէ: Եթէ թշնամին Արցախը գրաւելով համոզուած է, թէ Արցախի հարցը լուծուած է, սակայն մեր ժողովուրդին համար Արցախի հարցը լուծուած չէ՛, այնքան ատեն որ Արցախի ժողովուրդը վերադարձած չէ եւ իր ինքնորոշման իրաւունքը չէ վերականգնած իր պատմական հողերուն վրայ` միջազգային հովանիին ներքեւ: Արդարեւ, Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը` պատմականօրէն եւ միջազգային իրաւունքի տուեալներով ամրագրուած, կարելի չէ զէնքի ուժով լուծուած նկատել: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պայմաններու բերումով կատարուած գրաւումները միշտ եղած են ժամանակաւոր:

Արդ, մեր ժողովուրդին համար Արցախի հայկական պատկանելիութեան ամբողջական վերականգնումը պէտք է դառնայ ամէնօրեայ պայքար, նախ` ներքին ճակատի վրայ: Այս համազգային պայքարին շուրջ պէտք է համախմբուին` Հայաստանի պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր ազգային կառոյցները, Հայաստանն ու սփիւռքը: Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերականգնումի մեր յանձնառութիւնը պէտք է նաեւ մեզ մղէ հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքի` միջազգային համայնքէն ներս: Պետական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային ու ակադեմական շրջանակներէն ներս փաստացի տուեալներով հարկ է շեշտել ու վերաշեշտել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը: Այս գործընթացին առընթեր, հարկ է մօտէն հետեւիլ շրջանէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին` դիւանագիտական ճկունութեամբ եւ մարտունակ ոգիով, հեռու մնալով զիջումի քաղաքականութենէն: Միաժամանակ անհրաժեշտ է նաեւ հայոց բանակին հզօրացումը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար Արցախի հարցը միշտ պիտի մնայ առաջնահերթ: Պետական պատասխանատուներուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմիններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շարունակենք կարեւորութեամբ շեշտել Արցախի հարցին ամբողջական ու արդար լուծում տալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ` մեր քաղաքական ու պետական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը:

Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախի հայութիւն, սփիւռք մի՛ դառնաք, կառչա՛ծ մնացէք ձեր դատին, հերոսներու արիւնով թրծուած ձեր հողին, սուրբերու աղօթքով շաղախուած ձեր հոգեմտաւոր կառոյցներուն: Մեր ժողովուրդը ձեզի հետ է` աջակից ու զօրակից ձեր պայքարին:

Թող Աստուած ամուր պահէ մեր պահանջատիրական պայքարը, հզօր` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ միակամ` մեր ժողովուրդը:

Նախորդը

Մոսկուայի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Աջակցութեան Պատճառով. Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Թուաբանութեան Կանոնները Ա՛յլ Են

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?