Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Կէտերուն 90 Առ Հարիւրին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացաւ, Սակայն Տակաւին Դժուար Խնդիրներ Կան»

September 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան կէտերուն 90 առ հարիւրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, սակայն տակաւին դժուար խնդիրներ կան»:

«Տակաւին զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն մէջ առկախ հարցեր կան», նշեց Պլինքըն:

«Քաթարի եւ Եգիպտոսի մէջ մեր գործընկերներուն հետ աշխուժ բանակցութիւններու մէջ ներքաշուած ենք զինադադարի համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն յառաջիկայ օրերուն բանակցութեան սեղանին վրայ յաւելեալ գաղափարներ պիտի դնէ»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ ըսաւ. «Յունուարին նախագահ Ճօ Պայտընի նստաշրջանին աւարտէն առաջ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնութեան մը յոյսը ունիմ: Ան այս առնչութեամբ նաեւ աւելցուց. «Կը կարծեմ, որ եթէ կարենանք Կազայի մէջ զինադադարի հասնիլ, կրնանք բնականոնացման հոլովոյթին մէջ յառաջ ընթանալ»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը գրեց. «Ուաշինկթըն զայրացած է Նեթանիահուի Ֆիլատելֆիա առանցքին կառչելէն եւ յուսախաբ է Համասի վարմունքէն»:

Մինչ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը 2002 թուականի Այսրյորդանանի հիւսիսին դէմ «Պաշտպանիչ պարիսպ» գործողութենէն ի վեր իր շղթայազերծած ամէնէն երկարատեւ գործողութենէն ետք հեռացած է Ժենինէն ու անոր գաղթակայանէն, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պահանջած է Այսրյորդանանը դնել պատերազմի նպատակներուն շարքին:

 

 

 

 

Նախորդը

Սաֆատի. «Այսրյորդանանի Պաղեստինցիները Յորդանան Արտաքսելու Որեւէ Փորձ Համազօր Է Մեր Երկրին Դէմ Պատերազմի Յայտարարման»

Յաջորդը

Արաքժի. «Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Մեզի Համար Կարմիր Գիծ Է»

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.