Իսրայէլի ընդդիմադիր Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց յայտնեց, որ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ գտնուող Ֆիլատելֆիա առանցքը իր երկրին «գոյութենական վտանգ չի ներկայացներ»` շեշտելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն գերիները Կազայէն «ողջ պիտի չվերադարձնէ»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի երէկ ներկայացուցած պատրուակներէն մէկ քանին անտրամաբանական էին», ըսաւ ան:
Նեթանիահու երկուշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ Կազայի պատերազմի նպատակներու իրագործումը «կ՛անցնի Ֆիլատելֆիա առանցքէն»` շեշտելով, որ իսրայէլեան բանակը անկէ «բացարձակապէս» պիտի չհեռանայ:
Կանց աւելցուց. «Նեթանիահուն ճշմարտութիւնը չըսաւ, որովհետեւ իսրայէլացի գերիները ողջ պիտի չվերադարձնէ, Լիբանանի հետ սահմանին մօտ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները պիտի չվերադարձնէ, իսկ Իրանին պիտի չարգիլէ հիւլէական զէնքի տիրանալ»:
«Նեթանիահու ծրագրաւորուած կերպով սահմանափակեց գերիներու ազատ արձակման գործարքներուն մէջ յառաջ ընթանալու կարողութիւնը, եւ երբ պահանջեցինք Խան Եունեսի եւ Ռաֆահի վրայ զինուորական ճնշումը բարձրացնել, ան տատամսեցաւ եւ գործողութիւնը դադրեցուց», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա անակնկալ չէ, որովհետեւ Նեթանիահու զբաղած է քաղաքական գոյատեւումով, եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական յարաբերութիւններուն կը վնասէ, մինչ Իրան դէպի հիւլէական զէնքերու ձեռքբերում կ՛ընթանայ»:
Աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին, որ իսրայէլեան հետախուզութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պարնէան միջնորդներուն յայտնած է, թէ Իսրայէլ պատրաստ է Ֆիլատելֆիայէն հեռանալու: Ան այդ քայլը կատարած է նախքան Նեթանիահուի յայտարարելը, թէ այդ քայլը կը մերժէ:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլ Քաթարին յայտնեց, որ իր բանակը զինադադարի 2-րդ փուլին ամբողջովին պիտի հեռանայ Ֆիլատելֆիայէն»: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Մոսատի ղեկավարը, հակառակ Նեթանիահուի հրապարակային յայտարարութիւններուն, միջնորդներուն յայտնած է, թէ Իսրայէլ համաձայն է համաձայնութեան 2-րդ փուլին Ֆիլատելֆիա առանցքէն ամբողջովին հեռանալու:
Համաս, սակայն, յայտարարեց. «Մենք կը պնդենք, որ բռնագրաւումի ուժերը առաջին փուլին դուրս բերուին Ֆիլատելֆիա առանցքէն, որովհետեւ երկրորդ փուլին հասնելու համար երաշխիքներ չկան»:
Ամերիկեան վարչակազմէն երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են. «Գործարքի կէտերուն մեծամասնութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ Համաս համաձայնելու նուազ պատրաստ կողմն է»:
Անոնք օրաթերթին ըսած են. «Անհաւանական է, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններէն հեռանայ, որովհետեւ կ՛ուզէ պատերազմը դադրեցնել»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Հաարեց»-ին յայտնած է. «Եթէ յանձնուինք, այսուհետեւ ոչ ոք այս հարցով պիտի զբաղի, որովհետեւ այլընտրանք չունինք»:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Թել Աւիւի գնահատումով ամերիկեան վարչակազմը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման վերաբերեալ Իսրայէլին ու Համասին իր նոր առաջարկը պիտի ներկայացնէ այս շաբթուան վերջաւորութեան, եւ պիտի ընդգծէ, որ անիկա միջնորդական ջանքերուն մէջ իր «վերջին առաջարկ»-ն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «ժամանակն է համաձայնութիւնը իր աւարտին հասցնելու, ինչ որ Իսրայէլի եւ Համասի կողմէ ճկունութեան ցուցաբերում կը պահանջէ»` նշելով. «Անցեալ շաբաթ շրջանին մէջ շինիչ բանակցութիւններ վարեցինք` փորձելով վերջին բացերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել»:
«Շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ պիտի շարունակենք դէպի Կազայի մէջ վերջնական համաձայնութիւն մղել», շեշտեց նախարարութիւնը:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդակցութիւններու պատասխանատու Ճոն Քըրպի նախքան այդ յայտնած էր. «Աշխատանք կը տանինք մնացեալ պատանդներու ազատ արձակումը, Կազա օժանդակութիւններու ապահովումն ու կռիւի դադրեցումը երաշխաւորող առաջարկի մը վրայ»:
«Պայտըն անձնապէս մասնակից էր մեր խումբի ու շրջանի ղեկավարներուն հետ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար աշխատանքին, եւ մենք Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարենք Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար, եւ ատոր իրագործման համար ժամկէտ չկայ», նշեց Քըրպի:
«Տակաւին կը կարծենք, որ Կազայի մէջ զինադադարը կարելի է, եւ նախագահը անձամբ ներգրաւուած է աշխատանքին մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պայտըն պիտի շարունակէ կեդրոնանալ կարելի եղածին չափ շուտ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վրայ»:
Մինչ այդ, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Աշխատանք կը տանիմ Համասի հետ բանակցութիւնը դադրեցնելու»:
«Պետութիւն մը, որուն գերիներէն 6-ը սառնասրտութեամբ կը սպաննուին, պէտք չէ բանակցի ոճրագործներուն հետ, այլ պէտք է դադրեցնէ բանակցութիւնները», նշեց Պեն Ղաֆիր: