Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ Չորս Օրուան Ժամկէտով Կալանաւորուեցաւ

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ լսումի համար ներկայացաւ Արդարադատութեան պալատ:

Լսումը կը վերաբերէր «Օփթիմըմ» ընկերութեան թղթածրարին եւ Կեդրոնական դրամատան ու նշեալ ընկերութեան միջեւ պարտատոմսերու գնման, լիբանանեան թղթոսկիով գումարներու պահ դրման վկայագիրներու եւ ընկերութեան միջնորդավճարներ ստանալու թղթածրարին:

Ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժար Սալամէն լսելէ ետք հրամայեց զինք ձերբակալել: «Ժատիտ» հաղորդեց, որ զինք փոխադրած են ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղի:

Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, մեկնաբանելով Սալամէի ձերբակալման լուրը, յայտնեց. «Արդարադատութիւնը իր խօսքը ըսաւ, եւ մենք կը յարգենք արդարադատութեան որոշումը»:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ռիատ Սալամէի ձերբակալութիւնը արդարադատական որոշում է, եւ անոր պիտի չմիջամտենք»:

«Դատարանը իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ, եւ մենք բոլորս օրէնքին ենթակայ ենք», շեշտեց Միքաթի:

Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Այո՛, վստահ եղէ՛ք, որ ճշմարտութիւնը երեւան կ՛ելլէ եւ արդարութիւնը ի վերջոյ կը յաղթէ»:

«Ասիկա հաշուետուութեան եւ արդարութեան համակարգի հաստատման երկար ուղի է, սակայն կը զգուշացնենք ետդարձ կատարելէն, որովհետեւ լուռ պիտի չմնանք եւ պիտի չյանձնուինք», աւելցուց Պասիլ:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ռիատ Սալամէի ձերբակալո՞ւմ: Հաւատա՞նք: Ինչո՞ւ դատաւորը այսօր առիւծի կաթ խմեց եւ հրամայեց զինք ձերբակալել, երբ Սալամէն մինչեւ երէկ երկրին մէջ համայնքային մեծ ուժերուն քաղաքային եւ ապահովական պաշտպանութեան տակ էր:

«Լիբանանի մէջ անոր ձերբակալումը կանխելու համար զինք Ինթերփոլի համար ձերբակալումն ու Եւրոպա արտայանձնումը կանխելու համա՞ր էր` նկատի ունենալով որ լիբանանեան պետութեան իր քաղաքացիներուն վրայ արդարադատական գերիշխանութիւնը միջազգային գերիշխանութենէն վեր է, ինչ որ իրաւականօրէն պիտի արգիլէ անոր երկրէն դուրս յանձնումը:

«Այժմ բոլոր հաւանականութիւնները ի զօրու են, եւ արդարադատութիւնը այսօր մարդոց լուսարձակին տակ է, ուստի պահանջուածը ամբողջական արդարութիւնն է, ամբողջական ճշմարտութիւնը եւ բոլոր գործընկերները, եւ ոչ թէ Ռիատ Սալամէէն իբրեւ անձ վրէժ լուծելը կամ զինք փոխան պետութեան աւազակախումբին քաւութեան նոխազ դարձնելը: Սպասենք եւ տեսնենք»:

Դատաւոր Հաժժար աւելի ուշ յստակացուց. «Սալամէի նկատմամբ ձեռնարկուած դատական քայլը կալանք է չորս օրուան ժամկէտով, որմէ ետք ան պիտի փոխանցուի հետաքննիչ դատաւորին»:

Սալամէ 30 տարիներ, մինչեւ յուլիս 2023 վարած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնը: Անոր պաշտօնավարութեան վերջին ամիսներուն Գերմանիան փտածութեան ամբաստանութեամբ զինք ձերբակալելու հրամանագիր մը հրապարակեց:

Ան Լիբանանի եւ առնուազն հինգ եւրոպական երկիրներու մէջ հետաքննութեան կ՛ենթարկուի Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունէն միլիոնաւոր տոլարներու իւրացման եւ արտասահմանի մէջ գումարներու լուացման ամբաստանութիւններով:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Պու Հապիպի

Յաջորդը

Մոսկուայի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Աջակցութեան Պատճառով. Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?