Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տրիան-Ալուլա Հանդիպում

September 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հետեւող քաղաքական ականաւոր աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Ռիատի մէջ Ֆրանսայի նախագահի Լիբանանի հարցով պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Սէուտական Արաբիոյ նախարարաց խորհուրդի դիւանի խորհրդական, լիբանանեան թղթածրարով զբաղելու լիազօրուած Նիզար Ալուլայի ու Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի միջեւ հանդիպումը արդիւնք էր չմիջամտելու երկարատեւ որոշումէն ետք գործի լծուելու սէուտական փափաքին:

«Այս ժողովը նորութիւն մը չէ, սակայն գործի լծուելու եւ ներգրաւուելու մտադրութիւնները երեւան եկան մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ, առանց որ ատիկա նշանակէ, թէ արդիւնքի պիտի հասնի», աւելցուցած է աղբիւրը:

Ան ըսած է, որ այժմ կարեւորը Պուխարիի Լիբանան վերադարձէն ետք կամ ֆրանսացի պատուիրակի մօտալուտ այցելութեան մը ճամբով հանդիպումին մթնոլորտին ծանօթանալն է:

Քաղաքական ականաւոր աղբիւրը նշած է, որ յառաջիկայ ժամերուն Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններու նոյնպիսի քայլեր պիտի ըլլան` ճշդելու համար թղթածրարին ընթանալիք նոր, մասնաւորաբար ֆրանսական, ճամբու քարտէսը:

Դիւանագիտական ու քաղաքական աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Լը Տրիանի եւ Ալուլայի հանդիպումը կեդրոնացած է Լիբանանի ու շրջանի կացութեան եւ Լիբանանի մէջ սահմանադրական ու քաղաքական անելէն դուրս գալու եւ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեան ջանքերը համախոհութեամբ կամ թերեւս պէտք եղած միջազգային աջակցութեան ապահովումով ժողովրդավարական խաղի կանոններով դիւրացնելու ֆրանսական առաջարկներուն վրայ:

Սէուտցի պաշտօնատարներու շրջանակներ «Ժումհուրիա»-ին յայտնած են, որ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններու` Լը Տրիանի այցելութենէն առաջ 14 սեպտեմբերին Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին նստավայրին մէջ ժողով գումարելու սկզբունքային համաձայնութիւն գոյութիւն ունի` գնահատելու համար կացութիւնն ու մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ ընթացող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին ըսած են, որ Ռիատի մէջ հանդիպումին եւ Պէյրութի մէջ հնգեակի դեսպաններու խորհրդակցութիւններու արդիւնքները հասկնալէ առաջ Լը Տրիանի Պէյրութ այցելութիւն տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ ան յոգնած է իր նախորդ նախաձեռնութիւններու, հակառակ Փարիզի «ոսկի առիթի» գոյութեան մասին կարծիքին, ձախողութիւններու շարքէն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Բազմաթիւ Անկախ Երեսփոխաններու Հետ Կապ Կը Հաստատենք»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.