Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Իսրայէլ Միջնորդներու Ճամբով Մեզի Ուղղեց Պատգամ Մը, Թէ Լիբանանի Մէջ Զինադադարով Հետաքրքրուած Չէ»

Սեպտեմբեր 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Ժազիրա» արբանեակային  պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլ միջնորդներու ճամբով մեզի ուղղեց պատգամ մը, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումով հետաքրքրուած չէ, նոյնիսկ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումէն ետք»:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը Պու Հապիպի ցուցմունքով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու ընդհանուր քարտուղարին յղեց նամակ մը` պատասխանելով ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի ներկայացուցիչին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրման վերաբերեալ Ապահովութեան խորհուրդին ու ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցած նամակին:

Լիբանանի նամակը կը նշէ. «Մնայուն լուծումին բանալին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի, անոր բոլոր կէտերով, համապարփակ ու ամբողջական գործադրութիւնն է եւ ոչ թէ ընտրովի գործադրութիւնը, ինչպէս հակառակորդ կողմը կը փորձէ կատարել»:

«Թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը կը նշանակէ Իսրայէլի` լիբանանեան բռնագրաւեալ բոլոր հողերէն հեռացումը, Լիբանանի գերիշխանութեան վրայ անոր յարձակումներուն, լիբանանցի քաղաքայիններու եւ քաղաքային թիրախներու թիրախաւորումները դադրեցնելը, ինչպէս նաեւ ներքաշուիլը Լիբանանի հարաւային միջազգայնօրէն ճանչցուած ու 1949 թուականի զինադադարի համաձայնութեամբ հաստատուած սահմաններու սահմանագծման ՄԱԿ-ի ղեկավարութեամբ ու հովանաւորութեամբ հոլովոյթին մէջ»:

ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի թիւ 1701 որոշումին բոլոր կէտերը գործադրէ:

Լիբանանեան ներկայացուցչութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը միջազգային օրէնքին ու միջազգային օրինականութեան` շեշտելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հիմնական ու ազդու դերակատարութիւնը` անոր տրուած լիազօրութեան հիմամբ, օգնելու համար լիբանանեան պետութեան լիբանանեան զինեալ ուժերը զօրացնելու ճամբով իր գերիշխանութիւնը տարածելու երկրի ամբողջ տարածքին վրայ:

Նախորդը

Պըրրի Կը Զգուշացնէ`. Կրնանք Նախագահի Ընտրութեան Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Խնդիրներուն Առջեւ Կանգնիլ

Յաջորդը

Քաղաքային Պաշտպանութեան Հրշէջ Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը 3 Զոհ Պատճառեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?