Երեւան տէ ժիւրէ կը մնայ ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամ, սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնը ներկայիս փաստացի կը հետեւի այս համագործակցութենէն հեռանալու գիծին, ինչ որ կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Մենք յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանի ապագայ անվտանգութեան շահերէն մեկնելով, ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի հետ մեր համագործակցութիւնը լիարժէք պիտի վերականգնուի», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Զախարովա այս առնչութեամբ նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է Երեւանի յայտարարութիւններուն վրայ:
«Վերջերս անոնք յայտարարեցին, թէ ՀԱՊԿ-ն լքած է Հայաստանի տարածքը, ետքը սկսան յայտարարել, որ սառեցուած են այս կազմակերպութեան մէջ… Կը հասկնա՞ք, ամէն բառի արտայայտութեան ետին պէտք է ըլլայ ոչ միայն իմաստ, որ չափազանց կարեւոր է, եթէ անիկա կ՛ըսուի պաշտօնատարի կողմէ, այլ նաեւ պէտք է ըլլայ պատասխանատուութիւն ոչ միայն ըսածի, այլ նաեւ հետեւանքներու համար:
«Ինծի կը թուի, թէ բառերու հետ խաղալը, այսպէս ըսած, ոչ մէկ լաւ բանի պիտի յանգեցնէ: Յատկապէս հաշուի առնելով, որ շրջանը արդէն անցած է բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէն», ըսած է Զախարովա: