Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Յորդանանի մայրաքաղաք Ամանի մէջ իր գերմանացի պաշտօնակից Աննալենա Պերպոքի տրուած հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Այսրյորդանանի պաղեստինցիները արտաքսելու որեւէ փորձ համազօր է Յորդանանի դէմ պատերազմի յայտարարման»:
«Գետնի վրայ իսրայէլեան քայլերը սպաննեցին Պաղեստինի մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման բոլոր առիթները», նշեց Սաֆատի:
Ան նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման գործարքին, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զայն խանգարեց` փոխելով իր դիրքորոշումները եւ ետդարձ կատարելով իր յանձնառութիւններէն:
Սաֆատի մերժեց Ֆիլատելֆիա առանցքին եւ Յորդանանի հետ սահմանին վերաբերեալ Նեթանիահուի պնդումները` շեշտելով, որ իր երկիրը պիտի չընդունի որեւէ մօտեցում, որ Կազան Այսրյորդանանէն անջատ կը նկատէ:
«Յորդանան կը գիտակցի Իսրայէլի նկատմամբ Գերմանիոյ կեցուածքին», ըսաւ յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ անոր աջակցիլը անոր դէմ եւ միջազգային օրէնքի անոր խախտումներուն դէմ կանգնելով կ՛ըլլայ:
«Այսրյորդանանի մէջ կացութեան պայթեցումը հարցերը շրջանին մէջ դէպի աւելի լայնածաւալ պատերազմ պիտի մղէ», զգուշացուց Սաֆատի:


