Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարայի Ուղետոմսերը Դէպի Դամասկոս Եւ Գահիրէ

September 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը թուի, որ Անգարա-Դամասկոս եւ Անգարա- Գահիրէ յարաբերութիւններու վերահաստատման գործընթացները զուգահեռ կ՛ընթանան:

Կը նախատեսուի, որ նախ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հետախուզական ծառայութիւնները բանակցութիւններու համար թղթածրար պատրաստեն, ապա տեղի  ունենայ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում, որմէ ետք կրնայ տեղի ունենալ նախագահներու հանդիպումը: Թէեւ տակաւին Էրտողան-Ասատ հանդիպումի ժամանակացոյցին վերաբերեալ որոշում չէ գոյացած:

Աւելի արագացած է յայտնապէս Գահիրէի ուղղութիւնը: Նախագահները թէ՛ Գահիրէի եւ թէ՛ Անգարայի մէջ հանդիպած են արդէն: Ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագիրը ստորագրուած է, եւ երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ նոր շրջափուլ կը սկսի:

Կեդրոնանանք Էրտողան-Սիսի հանդիպումին վրայ: Արծարծուած է երկու հարց. Կազայի պատերազմը եւ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները:

Կազայի առումով Գահիրէն կ՛իրականացնէ միջնորդական առաքելութիւն. հիմնական թթուածինի անցքը դէպի Կազա Գահիրէով պայմանաւորուած է: Մարդասիրական օժանդակութիւններու թէ միջնորդելու առումներով Գահիրէն կը համեմատի Տոհային հետ, որուն դեր տրուած է աշխուժօրէն միջնորդելու:

Համասը գաղափարականօրէն Անգարայի մօտ է: Այս հարթութեան վրայ տեսականօրէն հակասութիւն կայ Գահիրէի այսօրուան իշխանութիւններուն եւ Համասի ղեկավարութեան միջեւ: Չմոռնանք, որ Սիսիով առաջնորդուող քաղաքական խումբը անհաշտ պայքար յայտարարեց եւ մղեց Մուրսիի դէմ, որ իսլամական գաղափարախօսութեան հետեւորդ էր եւ իբրեւ այդպիսին Էրտողանի գաղափարակիցն ու գործակիցը:

Հիմա էջ դարձնելու պահն է: Էջ շրջելու քաղաքական շարժառիթները պէտք է որոնել քաղաքականօրէն ճիշդ ընկալելու համար այսօրուան շրջադարձի ծալքերը:

Եթէ Կազայի առանցքը առնենք իբրեւ հիմնական հրատապ օրակարգ, այդ պարագային հասարակաց հանգամանքները պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ յայտարարուած աջակցութիւններն են: Մեղադրանքներու պարագային Անգարան կը գերազանցէ բոլոր կողմերը` ցեղասպանութիւն որակելու իրադարձութիւնները եւ Իսրայէլի վարչապետը իբրեւ ցեղասպան դատելու պահանջով:

Երկու պետութիւններն ալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունին Թել Աւիւի հետ, եւ մեղադրանքները պատճառ չեն հանդիսացած ոչ թէ չեղեալ յայտարարելու, այլ նոյնիսկ սառեցնելու այդ յարաբերութիւնները:

Եգիպտոսը գլխաւոր խաղցող կը նկատուի ափրիկեան ցամաքամասի արաբական հատուածին մէջ: Գահիրէն խորապէս անհանգստացած էր Անգարայի Ափրիկէ մուտքով: Որքան աշխուժանային Անգարայի գործողութիւններն ու քայլերը Ափրիկէի մէջ, այնքան կը սաստկանային Եգիպտոսի դիրքորոշումները Թուրքիոյ դէմ: Այդ ժամանակահատուածին եգիպտական լրատուադաշտը աննախադէպօրէն բարձրացուց հայամէտ հրապարակումներու առաստաղը, դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Մտաւորական եւ հասարակական հարթութենէն այս բոլորը անցան պետական մակարդակ, սակայն խորհրդարանի օրակարգի չվերածուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւի որեւէ նախագիծ: Հաւանաբար հեռանկարային կը մնար այսօրուան շրջադարձը:

Այս պարունակին մէջ պէտք է յիշել Եգիպտոսի նախագահին այցելութիւնը Երեւան եւ կապերու աշխուժացման նպատակով կատարուած յայտարարութիւնները:

Այս հանգամանքներէն զատ կայ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ սիւննի զանգուածներուն վրայ ազդեցութիւն տարածելու մրցապայքարը Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:

Երկու ուղղութիւններով նոր շրջափուլի հանգամանքներու վերլուծման փորձը կը նկատէ, որ երկրորդի պարագային` Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ ակներեւ է Մոսկուայի միջնորդութիւնը: Մոսկուան ռազմավարական գործակցութիւններու մէջ է Անգարայի հետ, մինչ ուղղակի կը հովանաւորէ Դամասկոսը: Եւ եթէ Սուրիոյ պարագային բուն պայմանաւորուածութիւնը Անգարա-Մոսկուա յարաբերակցութեամբ է, ապա պէտք է մտածել,  որ Եգիպտոսի պարագային բանակցութիւնները ուղղակի երկկողմ են:

Բացարձակացնել եւ հաստատել, որ Կազայի պատերազմի առանցքն է, որ կը մերձեցնէ կողմերը, այնքան ալ քաղաքականօրէն ընկալելի պիտի չըլլայ: Այս մերձեցումը մետասաներորդ պահու չէր. կրնար որոշուիլ: Կ՛ապրէր հոլովոյթ եւ կ՛անցնէր վերիվայրումներէ, ի վերջոյ յանգելու համար նոր շրջափուլի մեկնարկին: Ճիշդ այնպէս,  ինչպէս կ՛ընթանայ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու վերահաստատման գործընթացը:

Նոր աշխարհակարգին մէջ տարածաշրջանային գլխաւոր խաղցողները անվերջ կը դիրքաւորուին: Այս յարափոփոխութիւնները կը յուշեն, որ մերձեցում-ապամերձեցում-լարում շղթայական երթը պիտի շարունակուի: Եւ քանի որ աշխարհակարգի մասին կը խօսինք, առայժմ միայն արձանագրենք, որ թէ՛ Եգիպտոսը եւ թէ՛ Թուրքիան ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած են:

«Ա.»

Նախորդը

Ռուսիան Երբեք Չէ Հրաժարած Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ «Ազնիւ Միջնորդ»-ի Իր Դերէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Նոր Հրատարակութիւն՝ «The Deaconesses Of The Armenian Church»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.