Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարած է, թէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ անոնց գործերը յառաջիկային պիտի ներկայացուին դատարան: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ ան այս մասին ըսած է Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ընթացքին:
Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ին նկատմամբ:
Սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի գործած զանգուածային զինուորական յարձակումին պատճառով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են եւ տարուած Պաքու: Անոնց մեղադրանք ներկայացուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ եւ խմբաւորումներ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կատարելու համար:
Այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը: