Այսօր լուսարձակները կ՛ուղղուին Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ, ուր հանդիպում մը կը նախատեսուի Ֆրանսայի նախագահ Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Սէուտական Արաբիոյ նախարարաց խորհուրդի դիւանի խորհրդական, լիբանանեան թղթածրարով զբաղելու լիազօրուած Նիզար Ալուլայի միջեւ:
Հանդիպումին ներկայ պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ երկարատեւ հանդիպում մը եւ քաղաքական ու դիւանագիտական մակարդակներու վրայ շարք մը այլ հանդիպումներ ունենալէ ետք, շաբաթ երեկոյեան Պէյրութէն մեկնած էր Ռիատ:
«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Լը Տրիանի առաքելութեան վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չկայ, եւ Փարիզէն այդ առնչութեամբ ոչինչ ըսուած է, ինչպէս նաեւ Ռիատի կողմէ այսօրուան հանդիպումին վերաբերեալ ո՛չ ուղղակի, ո՛չ ալ անուղղակի տեղեկութիւններ հրապարակուած են, ինչ որ Պէյրութի մէջ դիւանագիտական հեղինակութիւններ մղած է յայտնելու. «Այս դիւանագիտութիւնը քուլիսներուն ետին կ՛աշխատի եւ նախանձախնդիր է ամբողջական գաղտնապահութեան: Շատ կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, որ հանդիպումին մասին որեւէ խօսքի բացակայութիւնը սովորական երեւոյթ է, եւ դրական կէտը այդ տեղեկութիւններու հերքման բացակայութիւնն է:
«Ո՛չ սէուտական դեսպանատունը լուրը հերքեց, ո՛չ ալ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Սէուտական այդ հեղինակութիւնները նախապէս հերքեցին այդպիսի տեղեկութիւններ, որովհետեւ անոնք ճիշդ չէին, կամ ալ ուզեցին այդ քայլերը գաղտնի պահել` սպասելով անոնց արդիւնքին»:
«Ժումհուրիա» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր. «Ռիատի մէջ հանդիպումը որոշուած է ֆրանսական նախաձեռնութեամբ, որ անցեալ շաբթուան կիսուն փոխանցուած է Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի կողմէ` խօսելով Լիբանանի հանրապետութեան ընտրութեան նիստի գումարման համար ընթացող նախապատրաստութիւններուն առնչուող յատուկ շարք մը գաղափարներու եւ այդ թղթածրարը շրջանային իրադարձութիւններէն անջատելու մասին, որպէսզի Լիբանան իր սահմանադրական բոլոր կառոյցներով ներկայ ըլլայ, երբ ժամանակը գայ քաղաքական կարեւոր բազմաթիւ հարցերու քննարկման»:
Լաւատեղեակ աղբիւրները նշած են. «Լը Տրիան կ՛ուզէ այս գաղափարները քննարկել լիբանանեան թղթածրարով զբաղող իր գործընկերներուն, մասնաւորաբար անոնց հետ, որոնք Լիբանանի հարցով արաբական-միջազգային հնգեակին մաս կը կազմեն, ինչպէս նաեւ կ՛ուզէ Ռիատէն ետք այցելել Տոհա, եւ թերեւս աւելի ուշ ալ Գահիրէ, իսկ եթէ իր ուզածին նուազագոյն չափը աւարտէ, պիտի այցելէ Պէյրութ»: