Գլխաւոր լուրեր

«Ազրպէյճանը Հայաստանը Հրաւիրած Է  Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք ՔՈՓ29-ին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ

«Ազրպէյճանը Հայաստանը Հրաւիրած Է Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք ՔՈՓ29-ին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Ազրպէյճան Հայաստանին կ՛առաջարկէ, նախքան խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը, համաձայնութեան գալ բարի դրացիական յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ: Այս մասին, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ` չբացառելով, որ այդ սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ մինչեւ նոյեմբեր գոյանալ: «Տակաւին 2021-ին, իբրեւ միջանկեալ տարբերակ, մենք Հայաստանին առաջարկած ենք համաձայնութիւն գոյացնել հիմնարար սկզբունքներու շուրջ, որոնք կրնան բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել մեր երկիրներուն միջեւ»,...

«Իսրայէլին Մեր Հակադարձութիւնը Մեծ Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսեն Հուսիները

«Իսրայէլին Մեր Հակադարձութիւնը Մեծ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսեն Հուսիները

Հուսիներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող եմէնեան զինեալ ուժերը իսրայէլեան Իլաթ նաւահանգիստին դէմ եւ Կարմիր ծովուն մէջ թեւաւոր հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով երկու գործողութիւններ կատարեցին` հակադարձելով շաբաթ երեկոյեան Եմէնի վրայ ամերիկեան-բրիտանական-իսրայէլեան յարձակումին: Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եհիա Սարիհ երէկ յայտարարեց, որ իրենց ուժերը շարք մը թեւաւոր հրթիռներով հարուածած են Ըմ Ռաշրաշ (Իլաթ, «Ա.») շրջանին մէջ կարեւոր թիրախ մը, իսկ երկրորդ գործողութեամբ...

Քաաց. «Գործարքի Կնքման Ուղղութեամբ Շօշափելի Յառաջընթաց Կայ Եւ Վճռորոշ 2 Շաբթուան Առջեւ Կը Գտնուինք»

Քաաց. «Գործարքի Կնքման Ուղղութեամբ Շօշափելի Յառաջընթաց Կայ Եւ Վճռորոշ 2 Շաբթուան Առջեւ Կը Գտնուինք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «(Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման) Գործարքի կնքման ուղղութեամբ շօշափելի յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ այժմ վճռորոշ երկու շաբթուան առջեւ կը գտնուինք»: Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետարանէն պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ ճամբորդելէ ժամեր առաջ որոշեց գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն պարտականութիւնը ունեցող խումբին հետ խորհրդակցութիւններ կատարել»:

Խմբագրական. Ազգային Առաջին Պատուաստները (Պատանիի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ազգային Առաջին Պատուաստները (Պատանիի Օրուան Առիթով)

ՀՅԴ Պատանիի օրուան նշումը հայկական իրականութեան ներկայ պայմաններուն մէջ ամէնէն աւելի մտածումները կը կեդրոնացնէ պատանիներուն ստացած դաստիարակութեան բովանդակային հարցերուն վրայ: Գաղտնիք չէ, որ Դաշնակցութեան պատանեկան միութիւններու դաստիարակութեան առանցքային բաժինը ազատագրական պայքարի պատմութիւնն է: Հոն է, որ պատանին կ՛ընկալէ ազգի գաղափարը, անոր ազատ ու անկախ ապրելու սկզբունքը, այդ իրաւունքին համար նախորդներու ստանձնած զոհողութիւններու տարողութիւնը, հայրենիքի ազատագրութեան համար անմնացորդ նուիրուելու եւ ամէնէն...

Զախարովա. «Հայաստանի Ապագան Կը Մտահոգէ, Երեւանը Կրնայ Ապակայունացնել Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը, Նաեւ Ի Վնաս Սեփական Անվտանգութեան»

Զախարովա. «Հայաստանի Ապագան Կը Մտահոգէ, Երեւանը Կրնայ Ապակայունացնել Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը, Նաեւ Ի Վնաս Սեփական Անվտանգութեան»

Հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Հայաստանի ապագային առնչութեամբ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն մեծցնել փոխադարձ գործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի հետ. ի հարկէ տարօրինակ պատմութիւն է: Անոնք Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած են դաշինքի վեհաժողովին եւ միացեալ ռազմափորձեր կը կատարեն: Վառ օրինակ են «Իկըլ Փարթնըր 2024» ռազմափորձերը, որոնք այժմ տեղի կ՛ունենան երկրին...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Հանդիպում Ունեցաւ Ընդդիմութեան  Ներկայացուցիչներու Հետ

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Հանդիպում Ունեցաւ Ընդդիմութեան Ներկայացուցիչներու Հետ

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը քննարկումի նիւթ դարձաւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին միջեւ, խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին: Ընդդիմութեան երեսփոխանները ներկայացուցին նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները, որոնց գծով, պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի տուաւ պլոքի տեսակէտները: Բագրատունի շեշտեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հրամայականը եւ այս գծով գոհունակութիւն յայտնեց տարբեր նախաձեռնութիւններ առաջարկող թեզերուն կապակցաբար: Բագրատունի անկախ անուանումներէն եւ ձեւականութիւններէն անհրաժեշտ...

Հըզպալլա. «Քաղաքայիններու Վրայ Որեւէ  Յարձակումի Պատասխանը Նախապէս Թիրախ  Չդարձած Բնակեցման Վայրերու  Հարուածումը Պիտի Ըլլայ»

Հըզպալլա. «Քաղաքայիններու Վրայ Որեւէ Յարձակումի Պատասխանը Նախապէս Թիրախ Չդարձած Բնակեցման Վայրերու Հարուածումը Պիտի Ըլլայ»

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ հակադարձելով հինգշաբթի օր հարաւային Լիբանանի գիւղերու մէջ քաղաքայիններու թիրախաւորման, առաջին անգամ ըլլալով թիրախաւորած է իսրայէլեան Նիվիէ Զիֆ, Ապիրիմ, Մանոթ բնակեցման վայրերը` անոնց վրայ արձակելով «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներ: Հըզպալլա նաեւ խոստացաւ քաղաքայիններուն վրայ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի հակադարձել հարուածելով նախապէս թիրախ չդարձած այլ բնակեցման վայրեր: Հըզպալլա նաեւ երէկ տասնեակներով «Քաթիուշա» եւ «Ֆալաք» հրթիռներով ուղղակի հարուած հասցուցած է Խըրպեթ...

Հուսիները Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածեցին Թել Աւիւը Եւ Զայն Անապահով Շրջան Յայտարարեցին

Հուսիները Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածեցին Թել Աւիւը Եւ Զայն Անապահով Շրջան Յայտարարեցին

Հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Եմէնի զինեալ ուժերը անօդաչու թռչող սարքով հարուածած են Թել Աւիւը. բեկորները ինկած են Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան մօտ: Այս մասին հաղորդեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Արձանագրուած են զոհ մը եւ 10 վիրաւորներ: Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ յարձակումին համար իսրայէլացիներու կողմէ Թել Աւիւ կոչուող Եաֆա շրջանին մէջ թիրախներէն մէկը հարուածուած է «Եաֆա» տիպի անօդաչու թռչող սարքով,...

Ակնարկ.  Յառաջընթաց Կամ Յետընթաց Ճշդող Խնդիրը

Ակնարկ. Յառաջընթաց Կամ Յետընթաց Ճշդող Խնդիրը

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք ամերիկացի նախարարին կատարած յայտարարութիւնը անորոշ բաժիններ ունի: Առաջինը այն, որ ըստ իրեն, կողմերը անհաւանական յառաջընթաց արձանագրած են: Պարզ չէ, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթացի մասին է խօսքը: Յստակ չեն համաձայնեցուած կէտերը: Խաղաղութեան պայմանագիրի օրին բացայայտուած կէտերը կը վերաբերէին տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի, տարածքային պահանջներէ ներկայիս եւ հետագային հրաժարումի, ուժի...

Միրզոյեան Պու Հապիպին Ներկայացուցած Է Սեղմ Ժամկէտներու Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման Կարեւորութիւնը

Միրզոյեան Պու Հապիպին Ներկայացուցած Է Սեղմ Ժամկէտներու Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման Կարեւորութիւնը

16 յուլիսին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հանդիպումը: Զրուցակիցները քննարկած են շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն եւ ստեղծուած անվտանգային կացութեան շուրջ: Միրզոյեան ներկայացուցած է շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած...

Երեւանն ու Պաքուն Զիրար Կը Մեղադրեն Լոնտոնի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տապալելու Համար

Երեւանն ու Պաքուն Զիրար Կը Մեղադրեն Լոնտոնի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տապալելու Համար

Երեւանն ու Պաքուն զիրար կը մեղադրեն բարձրագոյն մակարդակով հայ-ազրպէյճանական հանդիպումը տապալելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Նախ ազրպէյճանական կողմը պնդեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպում ունենալու Լոնտոնի առաջարկը: «Հանդիպումին սկիզբը պէտք էր մասնակցէր Բրիտանիոյ վարչապետը, իսկ յետոյ կը նախատեսուէր շարունակել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումը: Հայաստանի մերժումը կը նկատենք երկխօսութենէն եւ...

Կալանթ. «Համասի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու  Պայմանները Հասունցան, Սակայն Նեթանիահու  Դժուարութիւնները Կ՛աւելցնէ»

Կալանթ. «Համասի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Պայմանները Հասունցան, Սակայն Նեթանիահու Դժուարութիւնները Կ՛աւելցնէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Եթէ երկու շաբթուան ընթացքին (Համասի հետ) գերիներու փոխանակման գործարք չկնքուի, ատիկա կը նշանակէ գերիներուն ճակատագիրը վճռել»: «Համասի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու պայմանները հասունցան, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն դժուարութիւնները կ՛աւելցնէ», յայտարարեց Կալանթ` շեշտելով. «Նեթանիահուն համաձայնութեան հասնելու դժուարութիւնը կ՛աւելցնէ, որպէսզի համախմբական կառավարութեան երկու անդամներ` նախարարներ Իթամար պեն Ղաֆիրն ու Պեցալէլ Սմոթրիչը չկորսնցնէ»: Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Շեշտեն Գերադասել Միջհամայնքային Համակեցութեան Սկզբունքները

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Շեշտեն Գերադասել Միջհամայնքային Համակեցութեան Սկզբունքները

 Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները 17 յուլիս 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին միջկուսակցական ժողով։ Ժողովը նախ կեդրոնացաւ տարածաշրջանի զինուորական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն, Կազայի պատերազմին եւ այդ բոլորին Լիբանանի վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն վրայ։ Ապա քննարկումները ծաւալեցան Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակին վրայ, ընդգծելով համալիբանանեան համախոհութեամբ ոչ միայն Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը այլ նաեւ ընդհանրապէս յամեցող խնդիրները լուծելու պայմանականութիւնը։ Այնուհետեւ հանգամանօրէն ներկայացուեցան...

Միլլըր. «Կը Կրկնենք Լաչինի Եւ Աղտամի  Երթուղիները Անյապաղ Եւ Միաժամանակ  Բացման Վերաբերեալ Մեր Կոչը»

Միլլըր. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Կողմերէն Ծանր Փոխզիջումներ Կը Պահանջէ»

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եռակողմ հանդիպումի ժամանակ կողմերը յառաջընթաց արձանագրած են, սակայն տակաւին համաձայնագիր չկայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի չհանգստանայ, մինչեւ համաձայնութիւն չըլլայ: Միլլըր չէ մանրամասնած, թէ խօսքը ի՛նչ...

Ըստ «Անպա»-ի Տեղեկութեան.  Կարտինալ Փարոլինը Քրիստոնեայ Ղեկավարներուն  Նախագահի Թեկնածուներու 5 Անուններէ Բաղկացած  Ցուցակ Մը Ներկայացուցած Է

Ըստ «Անպա»-ի Տեղեկութեան. Կարտինալ Փարոլինը Քրիստոնեայ Ղեկավարներուն Նախագահի Թեկնածուներու 5 Անուններէ Բաղկացած Ցուցակ Մը Ներկայացուցած Է

Քուէյթեան «Անպա» օրաթերթի սեփական տեղեկութիւններուն համաձայն, Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինը Լիբանան իր վերջին այցելութեան ընթացքին Հարիսայի մէջ Վատիկանի դեսպանատան մէջ քրիստոնեայ ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին նախագահի հինգ թեկնածուներու անուններէ բաղկացած ցուցակ մը ներկայացուցած է: Ըստ տեղեկութիւններուն, կարտինալ Փարոլինը Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ հանդիպումի ընթացքին արծարծած է վերջինիս նախագահական պալատ հասնելու առիթներու չգոյութեան լոյսին տակ յաջորդ փուլը եւ...

Քանի. «Իսրայէլ Թեհրանի Դաշնակիցներուն Հետ Իր Պատերազմին Մէջ Կը Պարտուի»

Քանի. «Իսրայէլ Թեհրանի Դաշնակիցներուն Հետ Իր Պատերազմին Մէջ Կը Պարտուի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց. «Իսրայէլ Թեհրանի դաշնակիցներուն հետ իր պատերազմին մէջ կը պարտուի»: Պաքերի Քանի այս մասին յայտարարեց ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ուաշինկթըն Իսրայէլին կը մատակարարէ մահաբեր զէնքեր, որոնք Կազայի բնակչութիւնը կը սպաննեն, եւ անիկա պարկեշտ միջնորդ մը չէ, եւ եթէ ամերիկացիները միջնորդութեան նկատմամբ անկեղծ են, ապա պէտք է դադրեցնեն Իսրայէլի զէնքերու յանձնումը»,...

Թրամփ Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

Թրամփ Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածու

Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս Տանըլտ Թրամփը առաջադրեց իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու: Այս մասին յայտարարուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան Ուիսքոնսըն նահանգի Միլուոքի քաղաքին մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին: Թրամփ ապահովեց 2268 պատուիրակներու քուէները, ինչ որ թեկնածու առաջադրուելուն համար անհրաժեշտ քուէներուն կրկնապատիկն էր: Թրամփ բուռն ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ, երբ մահափորձի ենթարկուելէն երկու օր ետք, ականջը կապուած մուտք գործեց ժողովասրահ: Ան յայտարարեց փոխնախագահի իր թեկնածուի անունը`...

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Ջնջած Է Յանձնակատարներու Հունգարիա Այցելութիւնը

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Ջնջած Է Յանձնակատարներու Հունգարիա Այցելութիւնը

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն ջնջած է Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներուն Հունգարիա այցելութիւնը: Այս մասին յայտնած է անոր բանբեր Էրիք Մամեր: «Հաշուի առնելով Հունգարիոյ` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ նախագահութեան մեկնարկը նշող վերջին իրադարձութիւնները, Եւրոպական յանձնաժողովը բարձր մակարդակով (գլխաւոր տնօրէնութիւններու ղեկավարներու մակարդակով)  ներկայացուած պիտի ըլլայ միայն Հունգարիոյ նախագահութեան տակ գտնուող Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ոչ պաշտօնական նիստերուն: Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներու նախագահող...

Ակնարկ.   Որպէսզի Կանխարգիլուին Նման Փորձեր

Ակնարկ. Որպէսզի Կանխարգիլուին Նման Փորձեր

Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերու մէջ երկու յաջորդական օրեր պատահած դէպքերը լայն հնչեղութիւն ունեցան համալիբանանեան լրատուական, քաղաքական եւ հասարակական մակարդակներով: Պատահարները տեղեկատուական բաց համակարգի ճամբով կայծակնային արագութեամբ տեսանիւթերով թէ անոնց ընկերակցած գրաւոր արձագանգներով շրջանառութեան մէջ մտնելով հասան հարիւր հազարաւոր մարդոց: Այդ ալիքաւորումէն անմասն չմնացին նաեւ հեռաւոր լիբանանահայեր եւ ընդհանրապէս հայ մարդիկ, որոնք տագնապով հետեւեցան դէպքերուն եւ անձկութեամբ սպասեցին անոնց հանդարտեցումին: Անհատական...

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

14 յուլիսին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային զարգացումներուն, քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին մարտահրաւէրները եւ ներքաղաքական կացութիւնը: Զրոյցի ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու ընկերային խնդիրներուն ուղղուած ծրագիրներու շարունակականութիւնը եւ արցախահայութեան իրաւունքներու հետեւողական պաշտպանութիւնը: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ...

Page 157 of 796 1 … 156 157 158 … 796

Արխիւներ