Գլխաւոր լուրեր

«Դիմադրութեան Ճակատներուն Կը Զօրակցինք,  Եւ Եթէ Պէտք Ըլլայ Պատերազմին  Դաշտ Մուտք Պիտի Գործենք»  Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

«Դիմադրութեան Ճակատներուն Կը Զօրակցինք, Եւ Եթէ Պէտք Ըլլայ Պատերազմին Դաշտ Մուտք Պիտի Գործենք» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հուսէյն Սալամի յայտարարեց. «Անկեղծ խոստում» գործողութիւնը (2006 թուականի Հըզպալլա-Իսրայէլ պատերազմը, «Ա.») իսլամներու ուժին ապացոյցն է, եւ մենք գործի պիտի լծուինք, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ»: «Ձեռնածալ մնալ եւ միայն Դիմադրութեան ճակատին զօրակցիլ որոշուած չէ: Եթէ պէտք ըլլայ անձամբ սուրը պատեանէն դուրս պիտի քաշենք եւ պատերազմի դաշտ մուտք պիտի գործենք, որովհետեւ իսլամներու հպարտութիւնը որեւէ այլ բանէ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Կազայի Մէջ Զինադադար  Ըլլայ, Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կրակոցը  Պիտի Դադրեցնենք Առանց Բանակցութիւններու»

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Կազայի Մէջ Զինադադար Ըլլայ, Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կրակոցը Պիտի Դադրեցնենք Առանց Բանակցութիւններու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Եթէ Կազայի մէջ զինադադար ըլլայ, հարաւային Լիբանանի մէջ կրակոցը պիտի դադրեցնենք առանց բանակցութիւններու, սակայն եթէ իսրայէլացին մեր վրայ յարձակում գործէ, պատրաստ ենք հակադարձելու»: «Համաս իր անունով եւ Դիմադրութեան ամբողջ առանցքին անունով բանակցեցաւ, եւ այն ինչ որ Համասը կ՛ընդունի, բոլորս կ՛ընդունինք: Այս ճակատամարտը անոնց ճակատամարտն է», նշեց սէյիտ Նասրալլա: Ան...

Կալանթ. «Իսրայէլ Ամէն Կողմէ Վտանգներով Շրջապատուած Է` Այսրյորդանանէն, Հիւսիսէն Կամ Կազայի Սահմանէն»

Կալանթ. «Իսրայէլ Ամէն Կողմէ Վտանգներով Շրջապատուած Է` Այսրյորդանանէն, Հիւսիսէն Կամ Կազայի Սահմանէն»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Պաղեստինցի գերիները ազատ արձակելու որոշումը վերջերս արժանացաւ Նեթանիահուի համամտութեան, եւ կը կարծեմ, որ ատիկա մեծ սխալ մըն է»: «Իսրայէլ ամէն կողմէ վտանգներով շրջապատուած է` Այսրյորդանանէն, հիւսիսէն կամ Կազայի սահմանէն», ըսաւ Կալանթ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ նշեց. «Կազայի սահմանին վրայ ձախողութիւն մը կար, եւ ատկէ դասեր պիտի քաղենք»: «Վճռած են հաշուետուութեան ենթարկելու բոլոր անոնք, որոնք...

Ակնարկ.  Սահմանադրութիւն, Միջանցք Եւ Միջնորդութիւններ

Ակնարկ. Սահմանադրութիւն, Միջանցք Եւ Միջնորդութիւններ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձած է  հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ վերստին յանկերգած է նոյն պահանջը: Եկած է  ժամանակը, որ հայկական կողմը տարածքային պահանջներու փոխարէն ընտրէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: Այս յայտարարութեամբ Պաքուի ներկայացուցիչը ըսել կ՛ուզէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պատրաստ է. կը մնայ, որ Երեւանը ձեռնարկէ սահմանադրական փոփոխութեան եւ Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը վերացնէ: Այս պահանջին առընթեր...

Զաթուլին. « Հայաստանը Ունի Այլ Գործընկերներ Փնտռելու Իրաւունք, Բայց Ռուսիոյ Հետ Բարեկամութեան Այլընտրանք Չկայ»

Զաթուլին. «Ըսել, Որ Ռուսիան Ղարաբաղը Յանձնած Է, Սուտ Է, Սակայն Չեմ Կարծեր, Որ 2020-ին Պատերազմը Կանխարգիլելու Համար Մենք Ամէն Ինչ Ըրինք»

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն յայտարարութիւնը, թէ «Ռուսիան յանձնած է Ղարաբաղը, սուտ է եւ ուղղուած Ղարաբաղի հանդէպ գործած սեփական դաւաճանութեան, արեւմտեան ճամբար անցնելու որոշումին արդարացման»: Այս մասին ըսած է Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին: Ան միեւնոյն ժամանակ խոստովանած է, որ ռուսական կողմը ամէն ինչ չէ, որ ճիշդ ըրած է: «Պարոն Արմէն Գրիգորեանը (Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար) իր աղմկայարոյց...

Հըզպալլան Դարձեալ Անօդաչու Թռչող Սարքով Կատարուած Հետախուզութենէ Տեսարաններ Հրապարակեց

Հըզպալլան Դարձեալ Անօդաչու Թռչող Սարքով Կատարուած Հետախուզութենէ Տեսարաններ Հրապարակեց

Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը «Հուտհուտ 2-րդ արար» խորագիրով բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ իսրայէլեան հետախուզութեան ռազմակայաններու, հրամանատարական կեդրոններու, զինուորական ճամբարներու եւ իսրայէլացի զինուորներու նորաստեղծ դիրքերու անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած հետախուզութենէ տեսարաններ հրապարակեց: Իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր գնահատականները ցոյց կու տան, որ Հըզպալլայի ցուցադրած տեսարանները շուրջ երկու ամիս առաջ նկարուած են»: Հըզպալլան 18 յունիսին եւս հրապարակած էր «Այն,...

Եւրոպական Միութիւնը Որոշած Է Կասեցնել  Վրաստանի Անդամակցութեան Հոլովոյթը

Եւրոպական Միութիւնը Որոշած Է Կասեցնել Վրաստանի Անդամակցութեան Հոլովոյթը

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը որոշած է կասեցնել Վրաստանի` միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւել Կերչինսքի: «Ցաւով պէտք է ըսեմ, որ (Եւրոպական Միութեան ղեկավարները) համաձայնած են կասեցնել Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը, ասիկա յստակ ըսուած է Եւրոպական խորհուրդի զեկուցումներուն մէջ», ըսած է Կերչինսքի` Թիֆլիսի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր...

Փեզեշքեան. «Անկասկած Պիտի Ամրապնդենք  Բարեկամ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները»

Փեզեշքեան. «Անկասկած Պիտի Ամրապնդենք Բարեկամ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները»

Իրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ բարեկամ եւ դրացի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ, անկասկած, պիտի ամրապնդէ զանոնք: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շնորհաւորած է Փեզեշքեանը նախագահ ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած պետական պատասխանատու...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»  Եւ «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները»  Հատորներու Շնորհահանդէս

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան» Եւ «Ազգային Հերոս Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Հատորներու Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 8 յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորներուն շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան: Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց զոյգ հատորները:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Իրանի  Նորընտիր Նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Իրանի Նորընտիր Նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը

Երկուշաբթի, 8 յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի պատմական յարաբերութեան եւ բարի դրացնութեան, յոյս կը...

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ որեւէ գործարք պէտք է Իսրայէլին արտօնէ կռիւը շարունակել: Այս մասին հաղորդեց Նեթանիահուի գրասենեակը: Նեթանիահու աւելցուց, որ առաջարկը, որուն Իսրայէլ համաձայն գտնուած է, «պատանդներուն տունդարձը կ՛արտօնէ առանց հրաժարելու պատերազմի նպատակներէն, որոնք պէտք է իրագործել», եւ անոր համաձայն, հազարաւոր զինեալներու հիւսիսային Կազա վերադարձը չի կրնար գործարքին մաս կազմել: Նեթանիահու իր նախապայմանները շարունակելով...

Ֆրանսայի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ձախակողմեան Դաշինքը

Ֆրանսայի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ձախակողմեան Դաշինքը

Ֆրանսայի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց ձախակողմեան կուսակցութիւններու Նոր ժողովրդական ճակատ դաշինքը` Ժան Լիւք Մելանշոնի գլխաւորութեամբ: Դաշինքը ապահովեց 174 աթոռ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գլխաւորած «Միասին» դաշինքը` 156 աթոռ, իսկ Մարին Լը Փենի գլխաւորած ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միութիւնը` 143 աթոռ, Հանրապետական կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակիցները` 66 աթոռ, իսկ մնացեալ քաղաքական ուժերը` 38 աթոռ: Նոր ժողովրդական ճակատի ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն...

Փեզեշքեան Իրանի Նախագահի Պաշտօնը Պիտի Ստանձնէ Օգոստոսի Սկիզբը

Փեզեշքեան Իրանի Նախագահի Պաշտօնը Պիտի Ստանձնէ Օգոստոսի Սկիզբը

Իրանի նախագահ ընտրուած բարեկարգչական Մասուտ Փեզեշքեանի` խորհրդարանին մէջ երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի սկիզբը: Այս մասին երկրի պետական լրատուամիջոցներուն յայտնած է Իրանի խորհրդարանի դիւանի անդամ Մոժթապա Եոսեֆին: Եոսեֆին ըսած է, թէ նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին պէտք է «թանզիֆ» կոչուող արարողութեան ժամանակ հաւանութիւն տայ Փեզեշքեանի յաղթանակին: Ապա ենթադրաբար 4 կամ 5 օգոստոսին տեղի պիտի...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայրենիքին ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ տարածաշրջանը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։

Պաշտօնական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ  ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան  50-Ամեակը` «Դէպի Երկրորդ Յիսնամեակ»  Խորագիրով

Պաշտօնական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան 50-Ամեակը` «Դէպի Երկրորդ Յիսնամեակ» Խորագիրով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կէս դարու ամեակը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վարանդ Կիրակոսեան, իսկ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Գէորգ Եագուպեան: Այս առիթով խօսք առին եւ ԼԵՄ-ի դերակատարութեան ու կարեւորութեան անդրադարձան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական...

Կոչ

37 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը Եւ Կոչուեցան «Արամ Մանուկեան» Սերունդ

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 37 ԼԵՄ-ականներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ դաշնակցական մարդու պարտաւորութիւններուն մասին` շեշտելով, որ այս կուսակցութեան կառոյցը անհատներէ վեր է, անոր գաղափարականութիւնը խստօրէն սկզբունքային է եւ ծրագրային առաջադրանքները համազգային տեսլականներ են: Ընդունելով նորագիրներուն երդումը Տէր Խաչատուրեան...

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որուն հետ ունեցաւ 1 ժամ տեւող հանդիպում մը: Քննարկումի նիւթ դարձան Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, հարաւի կացութիւնն ու Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան սպառնալիքները, նախագահական ընտրութեան գծով նախաձեռնութիւնները եւ խորհրդարանի նախագահին կողմէ երկխօսութեան նիստեր գումարելու հրաւէրը: Քննարկուեցաւ նաեւ խորհրդարանական նիստեր գումարելու հարցը, նոր օրինագիծերու լոյսին տակ, որոնց կարգին...

Խմբագրական.   Խրամատը Չլքող Եւ Առաջնագիծը Չզիջող Կազմակերպութիւնը (ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Առիթով)

Խմբագրական. Խրամատը Չլքող Եւ Առաջնագիծը Չզիջող Կազմակերպութիւնը (ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Առիթով)

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ահաւասիկ 50 տարիէ ի վեր չէ լքած առաջնագիծը: Առաջնագիծը միայն պատերազմի եւ զինուորական ընդհարումներու կամ ինքնապաշտպանութեան առումներով պէտք չէ ընկալել: Անիկա կազմակերպուածութեան կը վերաբերի նաեւ, կարգապահութեան ինչու չէ, գաղափարականութեան եւ նուիրուածութեան, կոչումի եւ զոհաբերութեան, քննարկումի, գիտութեան, զարգացումի, եւ մանաւանդ` ծառայութեան: Ինչո՛ւ պէտք է շեշտել այս ամբողջականութիւնը եւ տեսնել հաւասարակշռութեան բանաձեւը: Որովհետեւ ԼԵՄ-ի ծնունդը համընկնեցաւ...

Ազգային Ժողովի Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Հանդիպած Են Ամերիկացի Ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Հետ

Ազգային Ժողովի Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Հանդիպած Են Ամերիկացի Ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանը, Արմէն Գէորգեանն ու Աննա Գրիգորեանը 3 յուլիսին հանդիպած են ամերիկացի ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած քոնկրեսական պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը: Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները Հայաստանի օրէնսդիր մարմինին մէջ` Հայկ Մամիջանեան շնորհաւորած է հիւրերը Միացեալ...

Page 159 of 796 1 … 158 159 160 … 796

Արխիւներ