Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Չի Բացառեր Ազրպէյճանի Հաղորդակցութիւններու Անվտանգութեան Ապահովումը Սեփական Գործակալութիւններուն Պատուիրակելու Տարբերակը

September 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեան չէ բացառած, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ հաւանական փոխադրական հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան ապահովումը կրնայ պատուիրակուիլ անվտանգութեան սեփական գործակալութիւններու:

«Արմէնփրես»ի համաձայն, Մնացական Սաֆարեան այդ մասին խօսած է Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով նիւթին վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ օրերս կատարած յայտարարութեան:

Մնացական Սաֆարեան ընդգծած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան ապահովումը անվտանգութեան սեփական գործակալութիւններուն պատուիրակելը հաւանական է: «Այո՛, ըսած է, որ հաւանական է: Եթէ յաւելեալ տեղեկատուութիւն ըլլայ, պիտի տեղեկացնենք: Խօսուած է միայն ատոր հաւանականութեան մասին», նշած է արտաքին գործոց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ նման պարագայի անվտանգութեան սեփական ընկերութիւնը պէտք է պաշտպանէ նաեւ հաղորդակցութիւններու այն հատուածը, որ պիտի անցնի Ազրպէյճանի տարածքով:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հաղորդակցութիւններու պաշտպանութեան իրաւունքը սեփական պահնորդական ընկերութեան տալը չի՞ խախտեր արդեօք երկրի ինքնիշխանութեան սկզբունքը` փոխնախարարը պատասխանած է. «Ոչ, ի հարկէ չի խախտեր»:

Մնացական Սաֆարեան նաեւ աւելցուցած է, որ սահմանին ներկայ պիտի ըլլան հայ սահմանապահներն ու մաքսաւորները:

Փոխնախարարին համաձայն, սա Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի տրամաբանութեան մէջ է, իսկ նախագիծի տրամաբանութիւնը յայտնի է բոլորին:

Փոխնախարարը անգամ մը եւս շեշտած է, որ մինչեւ հիմա խօսուած է ընդամէնը ատոր հաւանականութեան մասին, եւ այդ առումով տակաւին որեւէ յստակութիւն չկայ:

Սաֆարեան նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստան պիտի մասնակցի հոկտեմբերին Քազանի մէջ տեղի ունենալիք ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին:

«Այո՛, պիտի մասնակցի», ըսած է Սաֆարեան` պատասխանելով վեհաժողովին Հայաստանի հաւանական մասնակցութեան վերաբերեալ հարցումին:

Նախորդը

Զախարովա. «Երեւանը Տէ Ժիւրէ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Է, Սակայն Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Կը Հետեւի Այս Համագործակցութենէն Հեռանալու Գիծին»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.