Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ 12 տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Անգարայի օդակայանին մէջ Եգիպտոսի նախագահին դիմաւորեցին Թուրքիոյ նախագահը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Անգարայի նահանգապետ Վասիփ Շահինն ու այլ պաշտօնատար անձեր:
Սիսի Անգարա հասնելէ ետք յայտնեց, որ Թուրքիա իր այցելութիւնը, եւ ատկէ առաջ Էրտողանի Եգիպտոս այցելութիւնը, «կ՛արտացոլացնեն կամքը սկսելու բարեկամութեան եւ գործակցութեան նոր շրջան մը, որ կը բաւարարէ մեր եղբայրական երկու ժողովուրդներուն ձգտումները»:
Ան ըսաւ, որ չափազանց ուրախ է իր այցելութեամբ եւ Էրտողանի հետ հանդիպելով:
«Գահիրէն եւ Անգարան զիրար կը միացնեն պատմական ու ժողովրդային հաստատ արմատներով յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ի վեր քաղաքական ուժեղ յարաբերութիւններ», աւելցուց ան:
Սիսի եւ Էրտողան նախագահեցին երկու երկիրներուն միջեւ Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի առաջին նիստին, որմէ ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Եգիպտոսի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ կը գործակցինք եւ կը շարունակենք յարաբերութիւնները ամրապնդել: Ես գոհ եմ այդ գործակցութեան պտուղները տեսնելով»:
«Մեր քննարկումներուն ընթացքին արծարծեցինք շրջանի հարցերն ու անոնց լուծումները, նախ եւ առաջ Կազայի մէջ կացութիւնը», աւելցուց ան` շեշտելով, որ հիմա առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ ջարդերը դադրեցնելն ու զինադադար հաստատելն է:
«Կը մերժենք շրջանին երկիրները մագլցումի մղելու Իսրայէլի փորձերը», ըսաւ Էրտողան
Սիսի իր կարգին յայտնեց. «Կոչ կ՛ուղղենք Կազայի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու եւ կը մերժենք Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան մագլցումը»:
«Քննարկեցինք Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն ապրած մարդասիրական ողբերգութեան դիմակայման նպաստելու կարելիութիւնները», յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը:
«Քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ յայտնեցինք, որ անհրաժեշտ է տագնապին լուծման հասնիլ, եւ ողջունեցինք թուրք-սուրիական մերձեցումը», յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը: