Համաս. «Առանց Պատերազմի Դադրեցման, Կազայէն Հեռացման, Պաշարումի Վերացման Ու Գերիներու Լուրջ Գործարքի, Իսրայէլի Հետ Համաձայնութիւն Չկայ»
Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, որ պատերազմի դադրեցման, իսրայէլեան ուժերու Կազայէն ամբողջական հեռացման, պաշարումին վերացման, Կազայի վերաշինութեան եւ գերիներու փոխանակման լուրջ գործարքի առումով «Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն չկայ»: Շարժումը յայտարարեց, որ Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ իր պատուիրակութիւնը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ժողով գումարած է Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի եւ եգիպտական հետախուզութեան ղեկավար Ապպաս Քամելի...




















