Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ժամկէտաւոր Եւ Անժամկէտ Ուղերձներ

Հոկտեմբեր 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, որ թերեւս քանի մը շաբաթէն կրնան Իսրայէլի հիւսիսի բնակիչներուն կոչ ուղղել` իրենց տուները վերադառնալու, քաղաքական անուղղակի ուղերձներ կը փոխանցէ:

Պահ մը շրջանցենք այն երեւոյթը, որ յայտարարութիւնը կատարողը ոչ թէ պաշտպանութեան նախարարն է, կամ նոյնինքն վարչապետը, այլ ուժանիւթի նախարարը: Իր ոլորտին հետ կապ չունեցող, ըստ էութեան պատերազմական գործողութիւններու հետ առնչուող յայտարարութիւն է իր կատարածը, որ ունի իր շարունակութիւնը: Ըստ իրեն, պէտք է Լիբանանի մէջ զինուորական ներկայութիւն պահել` սահմանին մօտիկ եղող հիւսիսային գիւղերը պաշտպանելու համար:

Յայտարարութեան թէականութիւնը կ՛ընդգծուի այս ձեւով, որովհետեւ յայտարարութիւն կատարողը ռազմական գործողութիւնները վարողը կամ ռազմաքաղաքականութիւն որոշողը չէ: Այդ պատճառով ալ կը խօսի «թերեւս»-ով կամ «պէտք է»-ով:

Բայց գանք յայտարարութեան քաղաքական իմաստին: Ժամկէտը ռազմական գործողութիւններու դադարին կամ զինադուլին քանի մը շաբաթի անորոշութիւն ներառած է: Երբ ժամկէտի մասին կը խօսուի, անմիջապէս կը մտաբերուի 5 նոյեմբերը, որուն ընդառաջ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛աշխուժացնէ իր դիւանագիտութիւնը զինադադարի համաձայնութեան յանգելու: 5 նոյեմբերը շատ կարճատեւ եւ անմիջական ժամանակ է, մինչ այստեղ քանի մը շաբաթով կ՛երկարաձգուի հիւսիսային Իսրայէլի վերաբնակեցման մեկնարկը: Երկիմաստ ուղերձ կայ «քանի մը շաբաթ ետք» ձեւակերպումին մէջ: Նախ այն, որ քանի մը օրէն, այսինքն` մինչեւ  5 նոյեմբեր չեն աւարտիր գործողութիւնները: Երկրորդ` շատ քաղաքականացուած մեկնաբանութեամբ այն, որ մինչեւ 5 նոյեմբեր չի բացառուիր համաձայնութիւնը, սակայն քանի մը շաբաթ ետք կը սկսի տունդարձի փուլը:

Կարեւոր է ուժանիւթի նախարարին յայտարարութեան երկրորդ բաժինը: Պէտք է պահել զինուորական ներկայութիւն Լիբանանի մէջ` Իսրայէլի հիւսիսային գիւղերը պաշտպանելու համար: Ասիկա ներխուժման հիմնաւորումն է, անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման իսրայէլեան առաջադրանքը եւ այս պարագային անոնց անժամկէտ կեցութիւնը: Քանի մը շաբթուան ժամկէտ առաջինի պարագային եւ անժամկէտ կեցութիւն երկրորդի պարագային: Ի վերջոյ Իսրայէլ միշտ կրնայ մտահոգուած մնալ իր հիւսիսային տարածքներու անվտանգութեամբ եւ անժամ կէտ անհրաժեշտ նկատել իր զինուորական ներկայութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ:

Այս առաջադրանքը ըստ էութեան ոտնահարում է 1701-ին: Յաւելում է 1701+-ի  եւ խստացում զինադուլի նախապայմանային քաղաքականութեան:

Վերստին շրջանառութեան մէջ են Կազայի եւ Լիբանանի զինադադարէն տարանջատելու մօտեցումներուն մասին մեկնաբանական լրատուութիւններ: Այս վարկածը կրնայ քաղաքականօրէն ընկալելի ըլլալ, եթէ Իսրայէլ շարունակէ խստացնել Լիբանանի ուղղութեամբ հրադադարի համաձայնելու իր նախապայմանները: Այս պարագային է միայն, որ հայեացքները կ՛ուղղուին դէպի Կազա, այնտեղ նկատելու համար մինչեւ 5 նոյեմբեր հրադադար կայացնելու ցած հաւանականութիւններ: Գուցէ պատանդներու եւ գերիներու  փոխանակման փուլ մը: Թէական կանգառ մը, 5 նոյեմբերէն առաջ:

Այս առումով ալ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ուշագրաւ է: Համաձայնութեան նոր տարազը, ըստ իրեն,  կը ներառէ Կազայի մէջ 28 օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատումը. նոր տարազը, միշտ ըստ քաթարցի դիւանագէտին,  կ՛ենթադրէ Համասի կողմէ շուրջ 8 գերիներու ազատ արձակում եւ Իսրայէլի կողմէ տասնեակներով պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակում:

Կազա-Լիբանան պատերազմներու առաջնահերթութիւնը շրջուած էր եւ Լիբանանը դարձած էփիկեդրոն: Հրադադարի առաջնահերթութիւնը եւս հակառակ ուղղութեամբ է: Կը թուի, որ նախ Կազա, ապա Լիբանան: Երկրորդը դեռ տեսանելի չէ:

«Ա.»

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Պաալպեքի Եւ Սուրի Վրայ Յարձակումներու Շարք Մը Գործեց

Յաջորդը

Հայագիր Յօդուածագիրներու Ուշադրութեան

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?