Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոյեմբեր 2, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոչ Հայ Ժողովուրդին՝ Ի Խնդիր Արցախի
Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման

Պաքուի (Ազրպէյճան) մէջ 11-22 նոյեմբեր 2024-ին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 միջազգային համագումարի նախօրեակին, մենք` հոգեւոր պետերս դարձեալ մեր արդար ընդվզումը եւ խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին (2020-2023) ու անոր հետեւանքով շուրջ 120.000 արցախցիներու իրենց պատմական հողերէն բռնագաղթին, Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու ու կոթողներու ծրագրուած քանդումին եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի գերեվարութեան գծով:

Արդարեւ, իբրեւ Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր պետեր եւ արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառու առաջնորդներ, չենք կրնար լուռ մնալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան իրաւունքներու բռնաբարման եւ միջազգային համայնքին անտարբերութեան դիմաց: Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային ղեկավարութեանց.

ա) ՔՈՓ29 միջազգային համագումարի նախօրեակին ու անոր աշխատանքներու ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծելու Արցախի հայութեան նկատմամբ շարունակուող անարդարութիւնը, յատկապէս շեշտելով` միջազգային երաշխաւորութեամբ իր պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելու Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքը:

բ) Մեր բոլոր կարելիութիւնները առաւելագոյն չափով ի սպաս դնելու Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան` քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, միջկրօնական ու միջեկեղեցական շրջանակներուն մէջ` յարաբերական ու տեղեկատուական միջոցներու լայն օգտագործումով:

գ) Եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններու ու հաւաքական պաշտամունքներու ընթացքին աղօթելու Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն եւ զինուորական գերիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Կը գտնուինք մեր ազգի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին: Շրջապատուած ենք բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներով: Արդ, համահայկական օրակարգի մը շուրջ մեր ազգի ուժերուն համախմբումը աւելի քան հրամայական է: Ըլլա՛նք խոհեմ ու հեռատես` ազգին եւ հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն արժէքները եւ շահերը գերիվեր նկատելով կողմնակի ու ժամանակաւոր նկատումներէ:

Կ՛աղօթենք, որ Աստուած ամուր ու ապահով պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը` հեռու ամէն տեսակ չարիքներէ ու վտանգներէ:

 

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ն.Ա.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024
Անթիլիաս, Լիբանան

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Լոյս տեսած է Քարլօ Գինզբուրգի «Պանիրն ու որդերը․ ԺԶ դարու ջաղացպանի մը տիեզերքը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ

Նոյեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն  Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Նոյեմբեր 15, 2025
Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան  Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?