Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Բողոքի Ցոյց Եւ Երթ` Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Վերադարձին Պահանջով

November 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ երէկ  ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց:

Ցոյցին մասնակիցները կը պահանջէին 11-22 նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան հեղինակաւոր համաժողովէն` ՔՈՓ29-էն առաջ ճնշում գործադրել պաշտօնական Պաքուի վրայ` ազատ արձակելու ապօրինաբար բանտերուն մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները եւ Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

«Կլիմայական պաշտպանութիւնը անհնար է առանց մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան». մասնակիցներու ձեռքին այս գրութեամբ տարբեր լեզուներով պաստառներ կային: Անոնք առջեւէն կը տանէին մեծ ցուցապաստառ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկարներով:

«Ազրպէյճանը մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ ցեղային զտումներ  իրականացուցած է` տեղահանութեան ենթարկելով արցախահայութիւնը: Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանը մինչեւ այսօր կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնել` ջնջելով հայկական հետքը Արցախէն: Մինչեւ այսօր Պաքուի մէջ կը շարունակեն պատանդառուած մնալ քանի մը տասնեակ հայ ռազմագերիներ, որոնց շարքին են քաղաքային անձեր եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Կլիմայական արդարութիւնը չի կրնար ըլլալ առանց մարդկային արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Բռնապետական երկրի մէջ համաժողովի կայացումը կարելիութիւն պիտի տայ Ազրպէյճանին` մաքրելու ցեղասպանի իր արիւնոտ ձեռքերը, խմբագրելու բռնապետական վարչակարգի վարկանիշը: Մենք կը պահանջենք, որ այս համաժողովին մասնակցող պատուիրակները ճնշում գործադրեն պաշտօնական Պաքուի վրայ` ազատ արձակելու Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիները», յայտարարուեցաւ ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ:

Մասնակիցները ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին փոխանցեցին իրենց պահանջն ու բողոքը արտայայտող նամակ մը, ապա երթով շարժեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներ:

Դեսպանատուներուն առջեւ ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ այլ քաղաքական գործիչներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ցոյցին նպատակը շատ յստակ է.

«Յաջորդ շաբաթ Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՔՈՓ29 միջազգային խորհդաժողովը, եւ անոր մասնակցող միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջենք, որ անպայման ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, հայ ռազմագերիները եւ այլ պատանդառուած անձեր ազատ արձակելու նպատակով», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ «այսօր Ազրպէյճանի մէջ կը գտնուի 2 տասնեակէ աւելի ռազմագերի, Ազրպէյճան կը շարունակէ իր յարձակողապաշտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ իրականացուցած է ցեղասպանութիւն, ցեղային զտում: Այդ հարցերը միջազգային կազմակերպութիւններու, ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ կը բարձրացնենք նաեւ մեր ժողովուրդի տեսակէտը` իրենց երկիրներուն փոխանցելու ակնկալիքով»:

(Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Նախորդը

Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Տեղի Ունեցած Է Գրիգորեանի Եւ Մուսթաֆայեւի Գլխաւորած Յանձնախումբերու Հանդիպումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.