Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հոքշթայն Եւ Մքկըրք Այսօր Իսրայէլ Պիտի Այցելեն` Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Հասնելու Ջանքով

October 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականները` Էյմըս Հոքշթայն եւ Պրեթ ՄքԿըրք Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքով այսօր պիտի այցելեն Իսրայէլ:

Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ կայքին յայտնած են. «Կը կարծենք, որ Հըզպալլան վերջապէս պատրաստ է ինքզինք Կազայի մէջ Համասէն զանց կացուցելու»:

Պաշտօնատարները նշած են. «Շաբաթներու ընթացքին կարելի է հասնիլ համաձայնութեան մը, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կռիւին վերջ կու տայ»: Անոնք աւելցուցած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակի եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ քննարկած է հաւանական գործարքը:

«Պայտընի պատուիրակներուն Իսրայէլ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Նեթանիահու կը զօրակցի գործարքի կնքման ուղղութեամբ յառաջ ընթանալուն», ըսած են պաշտօնատարները` նշելով. «Հոքշթայն կը սպասէր, որ Իսրայէլ ուղղուելէն առաջ իսրայէլացիները վճռեն գործարքին նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը»:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Քննարկուող համաձայնութիւնը կը ներառէ զինադադարի յայտարարութիւն, որուն կը հետեւի 60 օր տեւողութեամբ փոխանցման ժամանակաշրջան մը»` աւելցնելով. «Քննարկուող համաձայնութիւնը հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի վերագործադրման վրայ»:

Աղբիւրները ամերիկեան կայքին յայտնած են. «Հըզպալլան փոխանցման ժամանակաշրջանի ընթացքին իր ծանր զէնքերը պիտի տեղափոխէ Լիթանի գետէն հիւսիս` Իսրայէլի հետ սահմաններէն հեռու»:

Աղբիւրները նաեւ ըսած են. «Լիբանանեան բանակը փոխանցման ժամանակաշրջանին շուրջ 8000 զինուորներ պիտի տեղակայէ Իսրայէլի հետ սահմանի երկայնքին»:

Նոյն աղբիւրները նաեւ պնդած են. «Իսրայէլեան բանակը իր ուժերը փոխանցման ժամանակաշրջանի ընթացքին աստիճանաբար պիտի հեռացնէ սահմանէն»:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին գրեց. «Ապահովական մարմիններուն մէջ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ զինուորական ձեռքբերումները պատերազմին վերջ տուող համաձայնութիւններու հասնելու համար շահագործելու շուրջ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:

Միւս կողմէ, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրան այլեւս հրթիռային պաշտպանութիւններ չունի եւ իսրայէլեան հարուածներէն ետք այլեւս մերկ դարձած է»:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Իր Ըսելիքը Ըսաւ, Իսրայէլ Պէտք Է Դրական Պատասխան Տայ, Եւ Առանց Զինադադարի Քաղաքական Լուծում Չկայ»

Յաջորդը

«Աշխատանքային Ծրագիրս Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Սէյիտ Նասրալլայի Ծրագիրը Շարունակելն Է» Կ՛ըսէ Շէյխ Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.