Լիբանանեան Շարք Մը Շրջաններու Մէջ Հըզպալլայի Անդամներու Մօտ Գտնուող Հաղորդակցութեան Կազմածներ Պայթեցան` Պատճառելով Հազարաւոր Վիրաւորներ
Երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:30-ին, լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Հըզպալլայի անդամներու մօտ գտնուող «Փէյճըր» հաղորդակցութեան սարքեր պայթեցան` պատճառելով բազմաթիւ վիրաւորներ: Պայթումները տեղի ունեցան Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու, Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ: Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ եւս Հըզպալլայի անդամներուն մօտ գտնուող «Փէյճըր»-ները պայթած են: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, թէ Հըզպալլան նշեալ «Փէյճըր»-ները վերջերս ստացած է:...




















