ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցազրոյցի հիւրը:
Յակոբ Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները` զանոնք նկատելով դիմադրողներ, ըլլան անոնք ճակատի վրայ գտնուողներ, գաղթականներ թէ գաղթականները դիմաւորողներ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմը միայն այս երկիրը չէ որ թիրախ կը դարձնէ, այլ անկէ անդին նպատակներ կը հետապնդէ: «Հետեւաբար լիբանանցին կրնայ միայն միւս քաղաքացիին կողքին ըլլալ: Քաղաքացի եզրը կ՛օգտագործեմ հաւատալով, որ Լիբանանի մէջ տակաւին կայ քաղաքացիութիւն եւ քաղաքացիի ըմբռնում: Երկրին մէջ տիրող այս ահաւոր ողբերգական վիճակին իսկ ականատես կ՛ըլլանք լիբանանցիին, որ օգնութեան ձեռք կը մեկնէ իր եղբօր` լիբանանցի քաղաքացիին: Խորքին մէջ, երբ քաղաքացի եղբօրս կ՛օգնեմ, ինքզինքիս օգնած կ՛ըլլամ: Մեր ճակատագիրը մէկ է: Պատերազմի աւարտէն ետք, իր տան քանդումը, ոճիրները, սպանդներն ու ցեղասպանութիւնը վկայած երեխան պիտի մնայ երկրին մէջ, պիտի վերադառնայ իր բնակարանը, եւ անոր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ լիբանանեան միասնականութիւնը: Այս փուլը ճակատագրական է Լիբանանի ապագային համար, այս փուլին է, որ մենք պիտի փորձենք վերականգնել այն, ինչ որ քանդուած է լիբանանեան քաղաքացիութեան մեր իրականութենէն: Ա՛յս է, որ պէտք է անպայման կատարել աւելի լաւ Լիբանանի մը համար, երկրին աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու համար», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Լիբանանը պատերազմի առաջնորդելու ինքնագլուխ որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս մասին այս պահուս խօսիլը ոչինչ կը փոխէ` անդրադառնալով, որ հարաւային Լիբանանի, Պեքայի, Պաալպեքի, Հերմելի եւ այլ շրջաններու բնակիչները հարիւր հազար անգամ աւելի վատ վիճակի մէջ են, այն բնակիչէն, որ այսօր հանգիստ իր բնակարանին մէջ կը գտնուի:
«Մենք այս իրավիճակէն կրնանք աւելի նուազ վնասներով դուրս գալ եւ այս իրականութիւնը ներդնել կերտելու համար մեր հայրերուն եւ պապերուն երազած Լիբանանը», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կեցուածքներուն, թէ Լիբանանը Կազայի զօրակցական ճակատի վերածելը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանան ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը կորսնցնէ, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ կեցուածքները նոր չեն` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին հաստատած էր, թէ Կազայի զօրակցական ճակատ բանալը նոյնը չէ, ինչպէս էր պարագան Սուրիոյ զօրակցական ճակատին եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին, որուն շնորհիւ արգիլուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութեան Լիբանան ներթափանցումը:
«Օրի՛ն զօր. Աուն զգուշացուց Կազայի զօրակցական ճակատ բանալու քայլէն: Դիմադրութեան կողմէ Կազայի զօրակցական ճակատի բացումը կրնայ ըլլալ օժանդակեց Կազայի դէմ պատերազմը մեղմացնելու, սակայն միաժամանակ պատճառ դարձաւ, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ: Հակառակ նաեւ այն ճշմարտութեան, որ Իսրայէլի կողմէ պատերազմի սանձազերծումը պատճառաբանութիւններու չի կարօտիր: Իսրայէլ պատճառաբանութեան կարիք չունի` Լիբանանը ռմբակոծելու, անձնաւորութիւններ ահաբեկելու կամ երկիրը քանդելու: Լիբանանի հանդէպ Իսրայէլի ախորժակները գաղափարաբանական են եւ ռազմավարական, ու անոնք ուղղակիօրէն առնչուած են Իսրայէլի քաղաքացիական անվտանգութեան», հաստատեց ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմը կասեցնելու նախաձեռնութեան եւ բանակցութիւններ կատարելու դիւանագիտական ընդհանուր ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հեգնեց օտարին վստահելու եւ անկէ կախեալ ըլլալու լիբանանեան մտայնութիւնը:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ինչո՞ւ պէտք է յաղթական խաղաքարտ ապահովէ Պայտընի եւ Հերիսի` Լիբանանի դէմ պատերազմը կասեցնելով», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու պարագային հանրապետական թէ դեմոկրատական հանրապետութեան նախագահ ունենալը նոյնն է, մեծ տարբերութիւններ չկան, «այնպէս ինչպէս Իսրայէլի պարագային նոյնն է այն, թէ վարչապետը Լիքո՞ւտը կը ներկայացնէ, թէ՞ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը: Անոնց հիմնական եւ գերագոյն նպատակները կը մնան նոյնը, թերեւս միայն գործելաոճն է, որ կը փոխուի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ակնարկեց 11 կէտերէ բաղկացող Հոքշթայնի նախաձեռնութեան` կասկածի տակ առնելով լիբանանեան մամուլով եւ զանազան լրատուամիջոցներով այս մասին հրապարակուած մանրամասնութիւններուն ճշգրտութիւնը:
Ան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպում մը ունեցած է վերջերս եւ Հոքշթայնի ու անոր հանդիպումին մասին իմացած է, թէ քննարկուած է միայն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ զինադուլէն ետք անոր գործադրութեան գործիքակազմը: «Այսինքն` թիւ 1701 բանաձեւին կցուած յաւելեալ կէտերուն մասին ոչինչ քննարկուած է», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան վերաբերեալ Պըրրիի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պըրրի յստակ էր իր կեցուածքին մէջ, երբ ըսաւ, որ զինադուլի հաստատումէն եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան սկսելէ ետք է, որ խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան նիստի մը` ընտրելու համար համախոհական հանրապետութեան նախագահ մը:
Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, որ վեց տարուան նստաշրջանի մը համար պիտի կառավարէ երկիրը, կարելի չէ ընտրել 86 երեսփոխանի ներկայութեամբ եւ 65 երեսփոխաններու քուէներով: «Նախորդ փորձառութիւններէն մեկնելով եւ նկատի ունենալով երկրին ներկայ պատերազմական իրավիճակը, եթէ համախոհական նախագահ մը ընտրելու տրամադրութիւն կայ, ապա խորհրդարանը հրաւիրելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի, ռմբակոծումին ներքեւ իսկ», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի մեղադրական ակնարկով մը անդրադարձաւ ոչ պատերազմական օրերուն լիբանանեան ներքին խորհրդակցութիւնները մերժելու կեցուածքներուն եւ վերահաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը խորհրդարանի կէս առաւել մէկ քուէի համեմատութեամբ կարելի չէ կատարել:
Հանրապետութեան նախագահի հաւանական թեկնածուներուն եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Ֆրենժիէ տակաւին առիթը ունի նախագահ ընտրուելու` աւելցնելով, որ ան իր հայրենասիրութեամբ եւ դատողութեամբ կրնայ յետս կոչել իր թեկնածութիւնը եւ նկատել, որ համախոհութիւնը իր անձին շուրջ չի գոյանար: Իսկ նախագահական թեկնածուներու մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութիւնը առկայ է, վերյիշեցնելով նաեւ Սլէյման Ֆրենժիէի մէկ արտայայտութիւնը, որ եթէ ինք չընտրուի, ապա կը զօրակցի զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հարցազրոյցէն օր մը առաջ բանակի հրամանատարին հետ հանդիպումին ընթացքին ի՞նչ եղած են քննարկումները, եւ արդեօք նախագահական ընտրութեան հարցը քննարկուա՞ծ է` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ երկրին դիմագրաւած ներկայ կացութեան ընթացքին, երբ պատերազմ է եւ բանակը նահատակներ ունի, ամօթ է նման թղթածրար արծարծել զօր. Աունի հետ:
«Բանակի հրամանատարը Եարզէի մէջ է եւ շուրջօրեայ դրութեամբ կը մտածէ բանակին մասին, բանակին կարիքները ապահովելու մասին, երկրին հրդեհները յանգեցնելու մասին եւ գաղթականներուն հարցերը լուծելու մասին: Բանակի հրամանատարը քաղաքական այս մանրուքներէն շատ աւելի բարձր է, եւ այո՛, անոր իրաւունքն է հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ, ինչպէս շատեր ընտրուած են: Առիթով մը, զօր. Աուն արտայայտուած է ինծի ըսելով, որ կը փափաքի հանգստեան կոչուելէ ետք տարազը հանել եւ տունը նստիլ, ես` իբրեւ երեսփոխան, ունիմ ազատութիւնը որոշելու թէ՞ ան տո՞ւնը կը նստի, թէ՞ Պաապտայի մէջ: Հետեւաբար այս փուլին պէտք չէ բանակի հրամանատարը եւ բանակը քաղաքական այս մանրուքներուն մէջ ներքաշել», յայտնեց ան:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր քարտուղարի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի թեկնածութեան եւ ապահովական ենթահողէ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հարցումին պատասխանելով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք է դուրս գալ այն մտայնութենէն, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ ապահովական, տնտեսական, դրամատնային, գործարարական ենթահող ունեցող անձնաւորութիւն մը եւ կեդրոնանալ այն իրականութեան վրայ, որ հանրապետութեան նորընտիր նախագահը վեց տարուան ընթացքին պիտի ստանձնէ հանրապետութեան նախագահութեան հաստատութիւնը, իր խորհրդականներուն, կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ եւ պիտի աշխատի երկրին յառաջդիմութեան ու քաղաքացիին բարօրութեան համար:
Այն Թինէի մէջ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Քալիպաֆի յայտարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ կատարուածը անտեղի էր եւ Լիբանանի գերիշխանութեան միջամուխ դառնալու քայլ` աւելցնելով սակայն, որ շատ ուրիշներ կը գործեն նոյն յանցանքը, սակայն նոյնքան սուր քննադատութեան չեն ենթարկուիր, ինչպէս էր պարագան Քալիպաֆին:
«Լիբանանի նկատմամբ օտար երկիրներուն կեցուածքները մէկդի դնելով, պէտք է կեդրոնանանք երկրին պարզած այսօրուան իրավիճակին վրայ: Լիբանան այսօր վտանգի տակ է, մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար տեղահանուած կայ, շրջաններ հրկիզուած են ու հիմնայատակ քանդուած: Եթէ այսօր զինադուլ յայտարարուի եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը սկսի, մենք դարձեալ վտանգի մէջ ենք, որովհետեւ կարելի չէ օտար պետութիւններու երաշխիքներուն վստահիլ: Իսրայէլի պահանջն ու նպատակը այսօր Լիբանանի մէջ նուազագոյնը 4-6 քմ ունենալ է: Այսինքն` այդ շրջանը այրած հող է, եւ տեղահանուածները պիտի չկարենան վերադառնալ այդ շրջանները: Կամայ թէ ակամայ, կը գտնուինք մարդասիրական, ընկերային եւ ժողովրդագրական լուրջ հարցի դիմաց: Իսկ լիբանանցիները դէպի Իրաք եւ այլ երկիրներ արտագաղթի մղելու պարագային, Լիբանանը կը կորսնցնէ իր բնակչութեան մէկ երրորդը, վասն Իսրայէլի ապահովութեան, այսինքն` իրականացուցած կ՛ըլլանք Իսրայէլի անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր ըլլալու պահանջը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց շեշտելով, որ ցաւ ի սիրտ ինք մօտալուտ լուծում մը չի տեսներ պատերազմական այս վիճակին:


