Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ 2-րդ Օրն Ըլլալով Յարձակում Գործեց Պաալպեքի Վրայ

November 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլան երէկ շարունակեց դէմ դնել հարաւային Լիբանան ներթափանցելու իսրայէլեան փորձերուն եւ հարուածել հիւսիսային Իսրայէլի իսրայէլեան ուժերու մէջ դիրքերն ու հաւաքման վայրերը:

Հըզպալլա իրերայաջորդ կերպով հրթիռակոծեց հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի արեւելքը, մասնաւորաբար Ուաթա Խիամի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը, իսկ իսրայէլեան օդուժը իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց շրջանին վրայ, ուր իսրայէլեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Հըզպալլան մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Քարմայէլ բնակեցման վայրը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ Մթըլլէ գիւղաքաղաքին վրայ ռումբ իյնալուն հետեւանքով արձանագրուած են 5 զոհեր, ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, 4 օտարերկրացի աշխատաւորներ եւ իսրայէլացի մը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հրթիռներ ինկած են Հայֆայի ծոցի արեւելեան շրջաններուն վրայ, իսկ Հայֆայի արեւելքը ինկած հրթիռի մը պատճառով անձ մը ծանրօրէն վիրաւորուած է: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ շրջանին մէջ երկու զոհ արձանագրուած է:

Իսրայէլ Սուրի պաղեստինեան Ռաշիտիէ գաղթակայանի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է լքեն իրենց տուները: Իսրայէլեան սպառնալիքէն ետք գաղթակայանի բնակիչներուն մօտ սարսափի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, եւ անոնք մեծ թիւերով հեռացան գաղթակայանէն:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Սուր գաւառի Հաուշ շրջանին վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Թըպնին եւ Պընթ Ժպէյլ գիւղերուն վրայ:

Իսրայէլ նաեւ երէկ, 2-րդ օրն ըլլալով Պաալպեքի, Տուրեսի եւ Այն Պուրտայի բնակիչները զգուշացուց անմիջապէս հեռանալու: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ շղթայազերծեց նշեալ շրջաններուն վրայ:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը 2-րդ օրն ըլլալով Արայայի Տահր Ուահշ ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մըն ալ արեւմտեան Պեքայի Քարաուն գիւղին մէջ յարձակում գործեց մոթորսիքլեթի մը վրայ: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ 11 զինուորներ վիրաւորուած են:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Հոմս քաղաքի գիւղական շրջանի Քուսէյր շրջանին մէջ բնակուած շարք մը շէնքեր իսրայէլեան հրթիռակոծումի ենթարկուած են: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ յարձակում գործած է «Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող պահեստանոցներու եւ կեդրոններու վրայ»:

 

Նախորդը

Նեթանիահու Հանդիպում Ունեցաւ Ամերիկացի Պատուիրակներ Հոքշթայնի Եւ Մքկըրքի Հետ

Յաջորդը

Ս. Ներսէս Շնորհալի Շարականագիրը, Հայ Մարդուն Հոգիէն Առ Աստուած Արձակուած Ճիչին Թարգմանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.