Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քարտէսափոխումի Որոշման Կեդրոնը Եւ Հրադադարի Բացակայութիւնը

Նոյեմբեր 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրեր ետք տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները: Ներամերիկեան դաշտը բեւեռացած է, եւ տակաւին կանխատեսելի չեն արդիւնքները:

Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը, 5 նոյեմբերին ընդառաջ դէպի եզրագիծ իր վերջին վազքն է (սփրինթ), որ կ՛ընէ ապահովելու համար զինադադար` Կազայի, Լիբանանի կամ երկուքի պարագային:

Ասիկա երեւոյթն է: Ուաշինկթըն ցոյց կու տայ, որ խաղաղութիւն հաստատելու համար դիւանագիտական իր ամբողջ զինամթերքը կ՛օգտագործէ եւ անվերջ կը նորացնէ համաձայնագիրի նախագիծերը:

5 նոյեմբերը սակայն խաբուսիկ պահ է նման ակնկալութիւն ունենալու: Դժուար է քաղաքականօրէն ընկալել այն, որ եթէ Միացեալ Նահանգները վճռած են դադրեցնել կրակը, ապա Թել Աւիւը դիրքաւորում կ՛ունենայ մերժելու այդ որոշումը:

Ամերիկացի քուէարկող զանգուածը արդէն իսկ կողմնորոշուած է, եւ դժուար է ենթադրել, թէ զինադադար մը մեծաթիւ քուէարկողներու որոշումին վրայ ազդեցութիւն ունենայ մետասաներորդ պահուն, յանկարծակի ստեղծուելիք պահու մը դիմաց: Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա կ՛ընկալենք նաեւ մագոգային հանդիպումներու ապարդիւնաւէտութեան հանգամանքները:

Հրէական լոպիի դերը առանց գերագնահատելու կամ ստորագնահատելու  կարելի է դիտարկել այնպէս, որ իւրաքանչիւր թեկնածու այդ հաշուարկով կը կատարէ իր յայտարարութիւնները` չհակադրուելու համար Իսրայէլի պետական շահերուն:

Այլ վարկած մը սակայն ինքզինք զգալի կը դարձնէ յատկապէս նման պարագաներուն: Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքականութիւնը չի պայմանաւորուիր այս կամ այն թեկնածուով կամ այս կամ այն կուսակցութեան իշխանութեան գալով: Տնտեսական խնդիրները, ներամերիկեան հարցերը, սեռային իրաւահաւասարութենէն մինչեւ վիժումի հետ կապուած բանավէճեր, հարկերէն մինչեւ ապահովագրութեան, բժշկական, ընկերային- ուսանողական վարկեր առանցքային նիւթեր են նախընտրական:

Ռուսիա, Չինաստան, Ուքրանիա, Իրան, Միջին Արեւելք, Հիւսիսային Քորէա եւ նման աշխարհաքաղաքական օրակարգերու ուղղութեամբ ամերիկեան քաղաքականութեան կիրարկումը չի պայմանաւորուիր նախագահական թեկնածուներու դիրքորոշումներուն հետ: Անոնք, եթէ կ՛ուզենք վարչակազմ անուանենք, եթէ կ՛ուզենք խորքային պետութիւն անուանենք, կ՛որոշուին այլ դրուածքով, այլ համակարգային կեդրոններու մէջ:

Իսրայէլին սատարելը, միջինարեւելեան տարբեր տարածքներու վրայ յարձակումներ սանձազերծելու, այս կամ այն թեկնածուի յաղթանակով չի սկսիր կամ չ՛աւարտիր: Նման քարտէսափոխումներ, տարածաշրջանային իրավիճակի արմատական փոփոխութիւններ կը մշակուին քսանամեայ ժամանակի կտրուածքով: Եւ պատահական չէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան համակարգը քսանամեայ ժամանակահատուածի վրայ տարածուած ծրագիրներ կը մշակէ եւ կը հրապարակէ այն բաժինը, որ կ՛ուզէ հրապարակել:

Նոյն տրամաբանութեամբ պէտք է մօտենալ ոչ միայն միջինարեւելեան, այլ նաեւ հարաւկովկասեան գործընթացներուն նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահը իր տպաւորուած ըլլալը կը յայտարարէր Արցախի մէջ հայկական մարտնչող ուժերուն նկատմամբ, ապա սքանտինաւեան ուժերով կը պատկերացնէր խաղաղապահ առաքելութեան բաղադրութիւնը: Այժմ, օրուան նախագահն ու այժմու թեկնածուն կը քննադատէ իր մրցակիցը, որ չէ պաշտպանած քրիստոնեայ հայերը, որոնց դէմ ցեղային զտում իրականացուած է: Թրամփը առնուազն լաւ գիտէ, որ փոխնախագահը նման լիազօրութիւններ չունի (ընդհանրապէս չունի) եւ ըստ Սահմանադրութեան նախագահի հրաժարականի  կամ մահուան պարագային է, որ կը ստանձնէ լիազօրութիւններ: Բայց այդ չէ խնդիրը: Ո՛չ ալ նախընտրական զուտ խոստումի տեսութիւնը: Որովհետեւ նոյն հանգամանքներով ալ կարելի է բացատրել Արցախի ցեղային զտումի իրականացումէն եւ ամբողջական հայաթափումէն  ետք միայն վերադարձի իրաւունքի սկզբունքի կարեւորութեան շեշտումը այս անգամ միւս թեկնածուին կողմէ:

Ուաշինկթընի պարագային Հանրապետական կամ դեմոկրատական կուսակցութիւններուն մօտ չեն քարտէսափոխման տարողութիւն ունեցող աշխարհաքաղաքականութեան որոշումի կեդրոնները:

5 նոյեմբերը ուրեմն,  4-ին յաջորդող եւ 6-ին նախորդող օրն է պարզապէս` մեզ շահագրգռող աշխարհագրական երկու միջավայրերուն մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան 14 Բուռն Յարձակումներ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հեռաձայնեց Լուիս Մորենօ Օքամփոն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?