Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Թուրք-Սուրիական Բանակցութիւններու Մեկնարկման Արգելքը Սուրիայէն Թրքական Ուժերու Կանխահաս Հեռացումն Է»

Նոյեմբեր 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները երկխօսութեան շարունակման լուրջ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, եւ Ռուսիան աշխուժ ջանքեր կը թափէ այդ բանակցութիւններուն վերսկսման համար: Ան այս մասին յայտարարեց թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ ի յայտ եկած տարակարծութիւնը պատճառ դարձաւ բանակցութիւններու դադրեցման:

«Սուրիական կառավարութիւնը կը պնդէ, որ սկիզբը պէտք է թրքական ուժերու Սուրիոյ հողերէն հեռացման որոշում որդեգրել, Թուրքիան իր կողմէ սկզբունքով յանձնառութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ, սակայն թրքական կողմը կ՛առաջարկէ իր ուժերը հեռացնելու հարցին աւելի ուշ անդրադառնալ: Երկու պետութիւններու իշխանութիւնները երկխօսութեան վերսկսման վերաբերեալ իրենց լուրջ հետաքրքրուածութեան ցուցանիշերը կ՛ուղարկեն, ուստի աշխուժ կերպով կ՛աշխատինք, որպէսզի շուտով անոնց միջեւ բանակցային հոլովոյթը վերսկսի», աւելցուց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Լաւրով շեշտեց, թէ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորումը մեծ կարեւորութիւն ունի Սուրիոյ կայունութեան եւ Միջին Արեւելքի անվտանգութեան ամրապնդման համար:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիան մեծ ջանքեր կը թափէ յաղթահարելու համար Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւնները, եւ հետաքրքրութեան իւրայատուկ առարկաներն են սուրիացիներու տունդարձը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորումը:

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Զինուորական
Ուղղակի Հակամարտութեան Եզրին Կը Գտնուին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի բանակներուն ու ապահովական մարմիններուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները` ըսելով, որ այդպիսի հաղորդակցութիւնները երկու երկիրներուն արտօնած են ապահովական իրենց մարտահրաւէրները դիմակայել` նշելով, որ Մոսկուայի եւ Փիոնկիանկի միջեւ յարաբերութիւնները աննախադէպ բարձր մակարդակի վրայ են:

Լաւրով Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Չույ Սոնի հետ Մոսկուայի մէջ իր հանդիպումին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Փիոնկիանկին` Ուքրանիոյ պատերազմին նկատմամբ իր ճիշդ դիրքորոշման համար:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան «զինուորական ուղղակի հակամարտութեան մը եզրին են»:

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան շուրջ հարցումի մը` ան ըսաւ. «Ներկայ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին օրերուն, երբ ան Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ սարսափի մթնոլորտը առաւելագոյնի հասցուց, մեր երկիրները զինուորական ուղղակի հակամարտութեան եզրին դարձան»:

«Ոչ ոք միւսէն կը նախընտրենք: Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան օրերուն ամերիկեան վարչակազմը Ռուսիոյ դէմ աւելի մեծաթիւ պատժամիջոցներ հաստատեց, քան նախորդ վարչակազմերը», աւելցուց ան:

«Անկախ այն իրողութենէն, թէ ընտրութեան ո՛վ պիտի յաղթէ, չեմ տեսներ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դէմ եղող մօտեցումը կրնայ փոխուիլ», նշեց Լաւրով:

 

Նախորդը

Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին. «Իրան Լրջօրէն Հակադարձելու Մասին Կը Մտածէ, Իսկ Մենք Պատրաստ Ենք Աւելի Մեծ Յարձակում Շղթայազերծելու»

Յաջորդը

ՔՈՓ17 Խորհրդաժողովը Պիտի Գումարուի Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?